ՀԵՐԹԱԿԱՆ ՉԵՂԱՐԿՈՒՄ
Երեւան-Պաքու բարձր մակարդակի ժամադրութիւններուն մէջ այս շրջանին կը յառաջանան կաղացումներ։ Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի միջնորդութեամբ այս ամսավերջին Պրիւքսելի մէջ նախատեսուած տեսակցութիւնը չեղեալ համարուեցաւ։ Հարաւային Կովկասի գծով ԵՄ-ի յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաար երէկ տեղեկացուց այս մասին։ Ըստ էութեան, Պաքու այս շրջանին հեռու կը մնայ Արեւմուտքի միջնորդութեամբ հարթակներէ։ Մօտաւոր անցեալին Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ հրաժարած էր Կրանատայի հնգակողմանի հանդիպման մասնակցելէ, իսկ ներկայիս նոյնը խնդրոյ առարկայ կը դառնայ Պրիւքսելի եռակողմանիի մասին։ Ընթացքին, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ
Փաշինեանն ալ հրաժարած էր մասնակցելէ Մոսկուայի միջնորդութեամբ հանդիպումի մը՝ երբ չէր մեկնած մասնակցելու ԱՊՀ-ի Պիշքեքի վերջին գագաթաժողովին, ուր Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Իլհամ Ալիեւի հետ նոյն միջավայրին մէջ պիտի գտնուէր։ Այդ ժամանակ Ալիեւ հակազդած էր, որ Փաշինեան 5-6 ժամուան թռիչքով ժամանակ գտած էր Կրանատա մեկնելու համար, սակայն ժամանակ չէր գտած 2-3 ժամուան թռիչքով Պիշքեք հասնելու համար։ Երէկ ալ, Պրիւքսելի ժամադրութեան չեղարկումէն վերջ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան յայտնեց, որ անկյայտօրէն Ալիեւ ժամանակ չէր գտած եռակողմանի հանդիպման մասնակցելու։ Իր կարգին, Փաշինեանն ալ նշեց, որ Պրիւքսելի հանդիպումը տեղի պիտի չունենայ, որովհետեւ Ալիեւ չէ հաստատած իր մասնակցութիւնը։
Միւս կողմէ, Նիկոլ Փաշինեան այս առաւօտ ելոյթ մը ունեցաւ՝ Թիֆլիզի մէջ կազմակերպուած «Մետաքսի ճանապարհ» միջազգային ֆորումի ժամանակ։ «Միացնել ներկան կայուն ապագայի» խորագրեալ ֆորումը բացուեցաւ Վրաստանի վարչապետ Իրակլի Ղարիպաշվիլի խօսքով։ Տնտեսական համագործակցութեան հարցերու առանցքով այս հաւաքը համախմբած է շուրջ 2 հազար հոգի, աշխարհի 60 պետութիւններէ, միջազգային կազմակերպութիւններէ ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ գործարարներ, փորձագէտներ ու լրագրողներ։ Նիկոլ Փաշինեան ֆորումի մասնակիցներուն ներկայացուց՝ Հայաստանի կառավարութեան կողմէ մշակուած «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագիծը։ Վարչապետը համոզուած է, թէ տարածաշրջանը հաստատուն խաղաղութեան կարիքն ունի եւ առանց ճանապարհներու անկարելի է Կովկասի մէջ խաղաղութիւն կառուցել։
Փաշինեանի Թիֆլիզի ֆորումի մասնակցութենէն առաջ, իր հետ հարցազրոյց մը լոյս տեսաւ «The Wall Street Journal»ին մէջ։ Այս առթիւ ան յայտնեց, որ Հայաստան խաղաղութեան իր պատկերացումները որեւէ ձեւով չի հակադրեր խաղաղութեան տարածաշրջանային շահերուն։ «Մենք պէտք է փորձենք մեր միջավայրը դարձնել անվտանգային առումով հնարաւորինս կառավարելի ու կանխանտեսելի։ Հայաստան պէտք է անվտանգային ոլորտի յարաբերութիւնները տեսակաւորէ», ըսաւ վարչապետը եւ աւելցուց, որ Ատրպէյճանի հետ խաղաղութեան պայմանագրի կնքման հարցին մէջ կարեւոր է նախապէս ձեռք բերուած համաձայնութիւններու վերահաստատումը։ «Մեր մօտեցումը այնպէս չէ որ պէտք է դաշնակիցներ գտնենք, զէնք բերենք ու կրակենք մեր հարեւաններուն վրայ», ըսաւ Փաշինեան եւ աւելցուց, որ Ռուսաստանի խաղաղապահ զօրախումբը չէ կարողացած կամ չէ փափաքած ապահովել Լեռնային Ղարաբաղի հայութեան անվտանգութիւնը։ «Այս պահուն Հայաստանի մէջ ռուսական ռազմախարիսխներու ներկայութեան հարցին մէջ, դժբախտաբար, առաւելութիւններ չենք տեսած», նշեց ան։
Արցախէն բռնի տեղահանեալներուն անդրադառնալով՝ Նիկոլ Փաշինեան ըսաւ. «Շատ մեծ ջանքեր պէտք է գործադրել, որպէսզի Լեռնային Ղարաբաղի հայերը, այնտեղ վերադառնալու ցանկութիւն ունենան»։