Չորեքշաբթի 27, Նոյեմբեր 2024
ԸՆԴԴԻՄՈՒԹԻՒՆԸ՝ ՃԻՇԴ ԺԱՄԱՆԱԿԻՆ
Հայաստանի ընդդիմութիւնը կը շարունակէ ջանքեր գործադրել աշխուժութիւն դրսեւորելու համար՝ մինչ երկրին տեսակէտէ ճակատագրական իրադարձութիւնները ընթացքի մէջ են։ «Տաւուշը՝ յանուն հայրենիքի» շարժումը հետամուտ է իր ներկայութիւնը զգալի պահելու՝ մանաւանդ Երեւանի կեդրոնին։ Երէկ, ընդդիմադիր շարժման առաջնորդը՝ Տ. Բագրատ Արքեպիսկոպոս Գալստանեան Երեւանի Սիրելիներու այգիին մէջ մէկտեղուեցաւ խումբ մը համախոհներու հետ։ «Մեր գործողութիւնները ուշացած չեն, ճիշդ ժամանակին են», ըսաւ սրբազանը բացօթեայ հաւաքի ընթացքին։
Շաբաթ, Հոկտեմբեր 26, 2024