ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ՊԱՏԿԵՐԱՍՐԱՀԸ ՅԱՏՈՒԿ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍՈՎ ՄԸ ԱՐԺԵՒՈՐԵՑ՝ ՀԵՆՐԻԿ ՍԻՐԱՒԵԱՆԻ ԵՒ ՍԵՐԿԷՅ ՓԱՐԱՃԱՆՈՎԻ ՅՈԲԵԼԵԱՆՆԵՐԸ

Հայաստանի Ազգային պատկերասրահը վերջերս յատուկ ցուցահանդէսով մը արժեւորեց հայ մշակոյթի երկու մեծանուն տիտաններու՝ Հենրիկ Սիրաւեանի եւ Սերկէյ Փարաճանովի յոբելեանները։ Երեւանի մէջ կազմակերպուած այս ձեռնարկը կ՚արժանանայ գեղարուեստասէրներու անմիջական ուշադրութեան։ Ան ձօնուած է Հենրիկ Սիրաւեանի 95-ամեակին եւ Սերկէյ Փարաճանովի 100-ամեակին։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, «Սիրաւեանի Փարաճանովը» խորագրեալ ցուցահանդէսին մէջ ընդգրկուած են գեղանկարիչ Հենրիկ Սիրաւեանի՝ Փարաճանովը պատկերած աւելի քան հինգ տասնեակ գեղանկարները կամ գծանկարները։ Ցուցահանդէսի ծիրէն ներս ներկայացուած են նաեւ Փարաճանովի տուն-թանգարանի հաւաքածոյէն գործեր, որոնք առաւել ընդգրկուն կը դարձնեն Սիրաւեանի մատուցած՝ աշխարհահռչակ շարժանկարի բեմադրիչի կերպարը։

Պատկերասրահի տնօրէն Մարինա Յակոբեան համոզուած է, թէ այս ցուցադրութիւնը երկխօսութիւն մըն է թէ՛ երկու արուեստագէտներուն եւ թէ արուեստասէրներու եւ արուեստագէտներու միջեւ։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 26, 2024