ՖԷՆԷՐԻ ՅՈՒՆԱՑ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՀԻՄՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ 570-ԱՄԵԱԿԸ
Թուրքիոյ յոյն համայնքը այս շրջանին եզակի յոբելեան մը կը նշէ։ Այսպէս, Ֆէնէրի յունաց վարժարանը թեւակոխած է իր հիմնադրութեան 570-ամեակը։ Դպրոցը հիմնուած է 1454 թուականին եւ այսօր կրթական գործունէութիւն կը ծաւալէ՝ միջնակարգի եւ լիսէի ձեւաչափերու մէջ։
Վարժարանի պատմական շէնքի ընդարձակ դահլիճին մէջ նախընթաց օր տեղի ունեցաւ յոբելենական հանդիսութիւն մը՝ հովանաւորութեամբ Ուղղափառաց Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Ծայրագոյն Պատրիարքին։ Հիւրերու շարքին էին Իսթանպուլի մօտ Յունաստանի աւագ հիւպատոս Քոնստանդինոս Քութրաս, Ազգային կրթութեան նախարարութեան մասնաւոր դպրոցներու բաժանմունքի ընդհանուր տնօրէն Ֆեթհուլլահ Կիւնէր, Իսթանպուլի կրթական տնօրէն տոց. Մուրատ Միւճահիտ Ենթիւր, Ֆաթիհի գաւառապետ Ճաֆէր Սարըլը եւ այլն։
Հանդիսութեան յայտագիրը սկսաւ յարգանքի լռութեամբ եւ Անկախութեան քայլերգով։ Աւելի վերջ իրերայաջորդ արտայայտուեցան վարժարանի տնօրէն Տիմիթրի Զոթոս, փոխ-տնօրէն Ապտիւլվահիտ Եիւճէլ, մատակարար մարմնի ատենապետ Փանտելի Փանայոթիտիս, սանուց միութեան վարչութեան ատենապետ Սաւա Փանայոթիտիս եւ Ֆեթհուլլահ Կիւնէր։
Իր կարգին, Պարթոլոմէոս Ա. Պատրիարքն ալ շեշտեց, որ այս յոբելեանը իր համայնքին տեսակէտէ շատ կարեւոր է, երջանկութեան առիթ է, իսկ այս կրթօճախը հպարտութեան առիթ։ «Առաջ շատ աշակերտ կար, այսօր քիչ ենք, սակայն, մեր դպրոցները կանգուն են։ Մեր պետութեան հովանիին ներքեւ կրթական գործունէութիւնը կը շարունակենք եւ երախտապարտ ենք մեր պետութեան», ըսաւ Նորին Սրբութիւնը։
Դպրոցի աշակերտներն ալ մասնակցութիւն բերին յայտագրին՝ մանաւանդ «570 տարուայ ուղեւորութիւն» եւ «Սիրոյ փարոս Իսթանպուլ» արտասանութիւններով։ Լոզանի դաշնագրով փոխանակեալներու հիմնարկի երգչախումբն ալ հանդէս եկաւ տասն երգի կատարումով։
Հուսկ, ընդունելութիւն մը սարքուեցաւ եւ այս փուլին ալ շարունակուեցաւ ոգեւորութիւնը՝ մինչ բոլորի մաղթանքն էր այս դարաւոր կրթօճախի յարատեւութիւնը։