ՎԵՐՋՆԱԿԱՆ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ՕՐԸ…

Հռոմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Քահանայապետ Տ.Տ. Ֆրանսիսքոս Ա. Սրբազան Պապը այս տարուան Սուրբ Ծնունդի պատգամին մէջ մաղթեց, որ թող մօտենայ Հայաստան-Ատրպէյճան վերջնական խաղաղութեան օրը։ Քահանայապետը դէմ արտայայտուեցաւ պատերազմի տրամաբանութեան եւ զէնքի արտադրութեան՝ խաղաղութեան կոչ ուղղելով համաշխարհային հակամարտութիւններուն համար՝ ներառեալ Ուքրայնայի, Մերձաւոր Արեւելքի, Սուրբ Երկրի եւ Հարաւային Կովկասի մէջ։

«Թող այս բանին նպաստեն մարդասիրական նախաձեռնութիւններու շարունակումը, փախստականներու վերադարձը իրենց տուները՝ օրինական հիմքերու եւ անվտանգութեան պայմաններու մէջ, ինչպէս նաեւ իւրաքանչիւր համայնքի կրօնական աւանդութիւններու եւ պաշտամունքի վայրերու պարագային փոխադարձ յարգանքը», նշեց Սրբազան Պապը։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 26, 2023