«ԵԱՀԿ-Ի ՄԻՆՍՔԻ ԽՈՒՄԲԸ ՊԷՏՔ Է ԼՈՒԾԱՐՈՒԻ»

Մոսկուա եւ Պաքու հերթական անգամ նոյն յաճախականութեան վրայ են՝ Երեւանի տեսակէտէ նուրբ նշանակութեամբ հարցի մը շուրջ։ Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա երէկ յայտարարեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի կարգաւորման հարցով ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խումբի բոլոր կառոյցները ենթակայ են լուծարման։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, այս շաբթուան հերթական մամլոյ ասուլիսի ընթացքին Մարիա Զախարովա նշեց, որ Մինսքի համաժողովի բոլոր կառոյցները, այսինքն Մինսքի խումբն ու Լեռնային Ղարաբաղի կարգաւորման գծով ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահի յատուկ ներկայացուցիչի պաշտօնը պէտք է լուծարուին։ «Կը կարծենք, թէ համապատասխան որոշում առնելու լաւագոյն ճանապարհը Պաքուի եւ Երեւանի համատեղ առաջարկը կ՚ըլլայ՝ վերացնելու համար նշուած կառոյցները», ըսաւ ան։

Մարիա Զախարովա պնդեց, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խումբի համանախագահներու լիազօրութիւնը կորսնցուցած էր իր արդիականութիւնը, երբ Հայաստան 2022 թուականի հոկտեմբերի 6-ին Փրակի մէջ տեղի ունեցած գագաթաժողովին Լեռնային Ղարաբաղը ճանչցած էր Ատրպէյճանի անբաժանելի մաս։

Զախարովա աւելցուց, որ Մինսքի խումբի համանախագահներէն Ֆրանսա եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ 2022 թուականի փետրուարէն ի վեր դադրեցուցած էին շփումները Ռուսաստանի հետ։ «Ամէն ինչ սկսած է արեւմտեան երկիրներու կողմէ այդ ձեւաչափի աշխատանքի արգելափակումով», աւելցուց ան։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 26, 2024