ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ ՄԻՇՏ ՀԵՏԱՄՈՒՏ ԵՐԵՒԱՆ-ՊԱՔՈՒ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ

Ուաշինկթընի մէջ Հայաստանի դեսպանատան երդիքին տակ տեղի ունեցաւ յատուկ քննարկում մը՝ նուիրուած Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Միջազգային զարգացման գործակալութեան ազդեցութեան Հայաստանի տնտեսական զարգացման եւ ժողովրդավարական կառավարման ամրապնդման վրայ։ Այս առթիւ Ուաշինկթընի մօտ Հայաստանի դեսպան Լիլիթ Մակունց հիւրընկալեց ԱՄՆ-ի Միջազգային զարգացման գործակալութեան կառավարիչ Սամանթա Փաուըրը։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Սամանթա Փաուըր այս առթիւ յայտարարեց. «Մենք կը շարունակենք աջակցիլ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ կայուն ու հաստատուն խաղաղութեան հասնելու ջանքերուն»։

Հաւաքոյթի ընթացքին դեսպան Մակունց բարձր գնահատեց ԱՄՆ-ի Միջազգային զարգացման գործակալութեան կարեւորութիւնը Հայաստանի կայուն զարգացման տեսակէտէ։ Ան երախտագիտութիւն յայտնեց Սամանթա Փաուըրին՝ ժողովրդավարական արժէքները, մարդու իրաւունքները եւ միջազգային զարգացումը յառաջ մղելու համար։

Իր կարգին, Սամանթա Փաուըրն ալ ելոյթին մէջ վերահաստատեց ԱՄՆ-Հայաստան ամուր գործընկերութիւնը՝ ընդգծելով շարունակական համագործակցութեան կարեւորութիւնը զանազան ոլորտներու պարագային. օրինակ՝ ուժանիւթի անվտանգութիւն, կլիմայի փոփոխութիւն եւ պարէնային անվտանգութիւն։

Հայկական դեսպանատան մէջ կազմակերպուած քննարկումը վարեց յայտնի դիւանագէտ մը՝ Մարի Եովանովիչ, որ անցեալի մէջ եղած է Երեւանի մօտ ԱՄՆ-ի դեսպանը։ Քննարկման յաջորդեց նաեւ հարցում-պատասխանի բաժին մը, որու ընթացքին Մակունց ընդգծեց, որ Երեւան-Ուաշինկթըն յարաբերութիւնները կը խարսխուին նախ եւ առաջ կողմերու ընդհանուր արժէքներուն վրայ։ Բաց աստի, Հայաստան եւ ԱՄՆ շարք մը հարցերու պարագային ունին համընկնող ռազմավարական շահեր, որոնց շարքին է Հարաւային Կովկասէ ներս խաղաղութիւնը։

Իր կարգին, Սամանթա Փաուըրն ալ հաւաքոյթի ընթացքին նշեց, որ Հայաստան կը տեսակաւորէ իր գործընկերութիւնները։ ԱՄՆ պիտի շարունակէ աջակցիլ Հայաստան-Ատրպէյճան կայուն եւ հաստատուն խաղաղութեան հասնելու ջանքերուն, ինչ որ առանցքային կ՚ըլլայ Հարաւային Կովկասի եւ յարակից տարածաշրջանի երկարաժամկէտ կայունութեան ու բարգաւաճման համար։ Փաուըրի խօսքով՝ Հայաստան այժմ պատմական հնարաւորութիւն ունի իր ժողովուրդին բարգաւաճում բերելու եւ ցոյց տալու, որ բաց, թափանցիկ եւ քաղաքացիակեդրոն կառավարումը կրնայ աւելի լաւ ապագայ մը ապահովել։

Ամերիկացի բարձրաստիճան պաշտօնատարը մատնանշեց, որ վերջին տարիներուն Հայաստան տնտեսութեան աճի առումով ալ արձանագրած է բաւական լուրջ յառաջընթաց մը։ 2020 թուականէն ի վեր՝ Հայաստան-ԱՄՆ ապրանքաշրջանառութիւնը հասած է 321 միլիոն ամերիկեան տոլարի՝ կոտրելով մրցանիշ մը։

Միւս կողմէ, ԱՄՆ-ի պետական քարտուղարութեան բանբերի տեղակալ Վետանթ Փաթէլ նշեց, որ երկրի գործող վարչակարգը մինչեւ իր պաշտօնավարութեան վերջին օրը պիտի շարունակէ աշխատիլ Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան գործընթացին վրայ։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 26, 2024