«ՊԷՏՔ ՉԷ ԱՅԼԵՒՍ ԱՒԵԼԻ ԽՈՐԱՆԱԼ»
Հանրապետութեան Նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան յայտարարեց, որ «Եփրատի վահան» գործողութիւններուն ծիրէն ներս պէտք է արագօրէն ակնկալուած արդիւնքին հասնիլ Էլ Պապի պարագային ու պէտք չէ այլեւս աւելի խորանալ։
Էրտողան երէկ լրագրողներու հետ զրուցելու ընթացքին կարեւոր ազդանշաններ տուաւ «Եփրատի վահան» գործողութիւններու ընթացքին շուրջ։ Իր յայտարարութիւնները զուգադիպեցան Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահ Տանըլտ Թրամփի խօսքերուն, ըստ որոնց Սուրիոյ մէջ պէտք է ստեղծել գաղթականներուն տեսակէտէ անվտանգ գօտի մը։ Անգարա թէեւ երկար ժամանակէ ի վեր կը պաշտպանէ այս տեսակէտը, սակայն Ուաշինկթընէն հնչած այս խօսքերը ընկալուեցան որոշ չափով վերապահութեամբ։ Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Հիւսէյին Միւֆթիւօղլու յայտնեց, որ պէտք է տեսնել աշխատութեան արդիւնքը։ Թրքական կողմը ներկայիս ունի այն մտահոգութիւնը, թէ Տանըլտ Թրամփի յայտարարութիւններուն մէջ ակնարկութիւնը գործնականօրէն կրնայ վերաբերիլ քրդական գօտիի մը ստեղծման։
Երէկուան իր յայտարարութիւններուն մէջ Էրտողան յայտնեց, որ Էլ Պապի իրադարձութիւնները ծանօթ են բոլորին եւ անոնց վրայ կու գան աւելնալ Մեմպիչի եւ Ռաքքայի դէպքերը։ Առկայ իրավիճակին մէջ անկարելի է, որ Թուրքիա մնայ ձեռնունայն։ Անհրաժեշտ քայլերը ժամ առաջ պէտք է առնուին։
Միեւնոյն ժամանակ, Էրտողան յայտնեց, որ իր փափաքն է առանց աւելի յապաղելու հանդիպիլ Տանըլտ Թրամփի հետ։ «Թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւնները պէտք է առողջանան», ըսաւ Էրտողան։