ՍԵՄԻՀ ՇԻՒՔՐԻ ԹՈՒՐՔԻԱ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ
Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարար Սեմիհ Շիւքրի այսօր կ՚այցելէ Թուրքիա։ Երկու երկիրներու միջեւ մօտաւոր անցեալին յառաջացած լարուածութեան զուգահեռ՝ տասն տարիէ ի վեր բարձր մակարդակի վրայ այցելութիւններ չէին փոխանակուեր։ Ուրեմն, տասն տարուան ընդհատումէ մը վերջ առաջին անգամ Անգարա Գահիրէէն բարձրաստիճան պաշտօնատար մը կը հիւրընկալէ։ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու կը հիւրընկալէ Սեմիհ Շիւքրին, որ երկրաշարժի յաջորդած իրավիճակին մէջ կը փութայ յայտնելու իր երկրին զօրակցութիւնը։ Հիւր նախարարը Եգիպտոսի անունով կը ներկայացնէ ցաւակցութիւնները։ Կը հաղորդուի, որ Սեմիհ Շիւքրի կ՚այցելէ Ատանա, նաեւ Մերսինի նաւահանգիստը, ուր Եգիպտոսէն ուղարկուած՝ մարդասիրական օժանդակութեան բեռնատար նաւ մը կը մօտենայ այսօր։
Երկրաշարժին յաջորդած իրավիճակին մէջ Անգարա միջոցէ մը ի վեր կը շփուի միջազգային այն դերակատարներուն կամ իր այն հարեւաններուն հետ, որոնց պարագային օրակարգը բաւական խնդիրներով ծանրաբեռնուած էր վերջին շրջանին։ Այս ծիրին մաս կազմած է նաեւ Աթէնք՝ քանի Յունաստանի արտաքին գործոց նախարար Նիքոս Տենտիաս եւս երկրաշարժէն վերջ այցելած էր Թուրքիա եւ հիւրընկալուած՝ արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլուի կողմէ։ Վերջին օրերուն Յունաստանի զանգուածային լրատուութեան միջոցներուն մէջ հրապարակուած են Նիքոս Տենտիասի զանազան յայտարարութիւնները, ըստ որոնց, Թուրքիա-Յունաստան յարաբերութիւններուն մէջ պէտք է պահպանել բարելաւուած մթնոլորտը։ Ան յոյս յայտնած է, որ խնդիրները կրնան լուծուիլ։ Միեւնոյն ժամանակ, Տենտիասի կանխատեսումներով, ընտրութիւններու նախորդած գործընթացներուն մէջ թէեւ դժուար կրնայ ըլլալ մեծ քայլերու ձեռնարկել, սակայն, յամենայնդէպս, յարաբերութիւններու մէջ բարելաւուած մթնոլորտը պէտք է պահպանուի։