Երկուշաբթի 25, Նոյեմբեր 2024
ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ ԻՐԱՔԻ ՄԷՋ
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեան պաշտօնական այցելութիւն մը կու տայ Իրաք։ Ուղեւորութեան առաջին փուլին ան կը հիւրընկալուի Պաղտատի ղեկավարութեան կողմէ։ Իրաքի պետական աւագանիին հետ տեսակցելու առընթեր, Վահագն Խաչատուրեան դասախօսութեամբ մըն ալ հանդէս կու գայ Պաղտատի համալսարանին մէջ։
Մայրաքաղաքի շփումները աւարտելէ վերջ, Վահագն Խաչատուրեան կ՚ուղղուի դէպի Հիւսիսային Իրաքի Քրտական Ինքնավարութիւն։ Էրպիլի մէջ ալ նախատեսուած են իր հանդիպումները Իրաքեան Քիւրտիստանի ղեկավարներուն հետ։
Թէ՛ Պաղտատի եւ թէ Էրպիլի մէջ Վահագն Խաչատուրեան կը տեսակցի նաեւ տեղւոյն հայութեան ներկայացուցիչներուն հետ։
Երեքշաբթի, Փետրուար 27, 2024