«ՎԱՐՉԱՊԵՏՆԵՐՈՒ ԱԿՈՒՄԲ»

Հա­յաս­տա­նի Վար­չա­պետ Յո­վիկ Աբ­րա­հա­մեան ե­րէկ հա­մախմ­բեց երկ­րի շարք մը նախ­կին վար­չա­պետ­նե­րը։ Պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, «Վար­չա­պետ­նե­րու ա­կումբ» կո­չուած այս հա­ւա­քոյ­թը ա­ռա­ջի­նը ե­ղաւ իր նման­նե­րու շար­քին։ Յո­վիկ Աբ­րա­հա­մեա­նի նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ կազ­մա­կեր­պուած տե­սակ­ցու­թեան ներ­կայ գտնուե­ցան նախ­կին վար­չա­պետ­նե­րէն Վազ­գէն Մա­նու­կեան (այժմ՝ Հան­րա­յին խոր­հուր­դի նա­խա­գահ), Գա­գիկ Յա­րու­թիւ­նեան (այժմ՝ Սահ­մա­նադ­րա­կան ա­տեա­նի նա­խա­գահ), Խոս­րով Յա­րու­թիւ­նեան եւ Հրանդ Բագ­րա­տեան (այժմ՝ ե­րես­փո­խան)։

Կը հա­ղոր­դուի, որ քննար­կուե­ցան Հա­յաս­տա­նի տնտե­սու­թեան վե­րա­բե­րեալ հար­ցեր, նաեւ Վար­չա­պետ­նե­րու ա­կում­բի հե­տա­գայ գոր­ծու­նէու­թեան հե­ռան­կար­նե­րը։

«Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, եր­կուքուկէս ժամ տե­ւեց ե­րէ­կուան դռնփակ խորհր­դակ­ցու­թիւ­նը։ Խոս­րով Յա­րու­թիւ­նեան ժո­ղո­վէն վերջ նշեց, թէ տե­ղի ու­նե­ցան խորհր­դա­պա­հա­կան քննար­կում­ներ։ Վազ­գէն Մա­նու­կեան յայտ­նեց, որ ի­րենց յա­ջորդ ժո­ղո­վը տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ մօ­տա­կայ ժա­մա­նակ­նե­րուն։ Իր կար­գին, Հրանդ Բագ­րա­տեանն ալ դի­տել տուաւ, թէ պար­զա­պէս հա­ւա­քուած են, խօ­սած՝ հիմ­նա­կան խնդիր­նե­րու շուրջ ու յայտ­նած ի­րենց կար­ծիք­նե­րը։

Ուրբաթ, Մարտ 27, 2015