ԲԱՐԴ ԱՌԱՋՆԱՀԵՐԹՈՒԹԻՒՆ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ երկրի պաշտպանական կարողութեան զարգացումը միտուած է սեփական անկախութիւնը երաշխաւորելու։

Յունաստանի «Քաթիմերինի» օրաթերթին մէջ լոյս տեսաւ Նիկոլ Փաշինեանի հետ հարցազրոյց մը, որու ընթացքին ան դիտել տուաւ, որ Հարաւային Կովկասէ ներս յարատեւ խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատման նպաստելը Երեւանի առաջնահերթութիւնն է։ Վարչապետին խօսքով՝ այս համատեսքին մէջ Հայաստանի կառավարութիւնը կը կարեւորէ տարածաշրջանային ենթակառուցուածքներու ապաշրջափակումը։ «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագիծը կ՚ենթադրէ՝ Հայաստանի տարածքով մէկ կողմէ Սեւ ծովու, իսկ միւս կողմէ Պարսից եւ Օմանի ծոցերուն միջեւ բեռնափոխադրումներու, խողովակաշարերու, ելեկտրահաղորդման գիծերու եւ համացանցի փոխանցիչներու հզօրութիւններու էական յաւելումը։ Ան այս ամբողջը մեկնաբանեց նաեւ Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման հեռանկարին տեսակէտէ։

Փաշինեան հերթական անգամ շեշտեց, որ բոլոր ենթակառուցուածքները պէտք է ըլլան երկիրներու ինքնիշխանութեան եւ իրաւազօրութեան ներքեւ. այն երկիրները, ուրկէ կ՚անցնին անոնք։ Իւրաքանչիւր երկիր սահմանային ու մաքսային հսկողութիւն կ՚իրականացնէ եւ անվտանգութիւնը կ՚ապահովէ իր տարածքէն ներս, իր պետական կառոյցներուն միջոցաւ։ Ենթակառուցուածքները կրնան օգտագործուիլ միջազգային կամ ներքին փոխադրումներու համար։ Բոլոր երկիրները հաւասարութեան ու փոխադարձութեան սկզբունքով կ՚օգտուին իրարու ենթակառուցուածքներէն։

«Խաղաղութեան խաչմերուկ»ի հիւսիս-հարաւ թեւին անդրադառնալու առընթեր, Փաշինեան հարցազրոյցին ժամանակ խօսեցաւ նաեւ արեւելք-արեւմուտք թեւին մասին։ Ան բացատրեց, որ սա կրնայ Հայաստանի տարածքով միացնել Կասպից ծովը Միջերկրականին, նաեւ Թուրքիոյ Սեւ ծովու նաւահանգիստին հետ։ «Այս բանին համար անհրաժեշտ է, որ Ատրպէյճանէն Հայաստանով երկաթուղիներն ու ցամաքուղիները, խողովակաշարերը, ելեկտրահաղորդման գիծերը մտնեն Թուրքիա։ Եւ մենք պատրաստ ենք նման լուծումներու։ Ընդ որում, այս ճանապարհը, ենթակառուցուածքները կրնան օգտագործուիլ նաեւ Ատրպէյճանի հիմնական մասը Նախիջեւանին կապելու համար ու մենք պատրաստ ենք այս բանին։ Այս բոլոր ենթակառուցուածքներու գործունէութեան համար «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագծին մէջ ամրագրուած են հիմնարար սկզբունքներ», նշեց Փաշինեան։

Թուրքիոյ վերաբերեալ հարցումի մը պատասխանելով՝ Նիկոլ Փաշինեան նշած է, որ Հայաստանի հետ սկսած է յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթաց մը, որ ուղղուած է ամբողջական բնականոնացման նպատակին։ Իր խօսքով՝ Թուրքիա տարածաշրջանային դերակատար մըն է եւ բնական է ակնկալել, որ ան պէտք է հաւասարակշռուած դիրքորոշում ունենայ տարածաշրջանի բոլոր իրադարձութիւններուն վերաբերեալ։ «Հայաստան-Թուրքիա զարգացումներն ալ կու գան անգամ մը եւս փաստել, թէ հնարաւոր է յաղթահարել տարաձայնութիւնները եւ հարեւաններու միջեւ ձեւաւորել համագործակցութեան փոխադարձ շահաւէտ օրակարգ մը», եզրափակեց վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան:

Չորեքշաբթի, Մարտ 27, 2024