ՊԼԻՆՔԸՆ. «ՈՉԻՆՉ ԿՐՆԱՅ ՓՈԽԱՐԻՆԵԼ ԴԷՄ ԱՌ ԴԷՄ ԴԻՒԱՆԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆԸ»

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները մտահոգուած է Ուքրայնայի դէմ պատերազմի մէջ Չինաստանի կողմէ Ռուսաստանին տրամադրուած օգնութեան պատճառով։

ԱՄՆ-ի պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքըն վերջին օրերուն այցելեց Փեքին, ուր ամենաբարձր մակարդակի վրայ հիւրընկալուեցաւ Չինաստանի ղեկավարութեան կողմէ։ Բացի արտաքին գործոց նախարար Վան Ինէն, Էնթընի Պլինքըն ընդունուեցաւ նաեւ Չինաստանի նախագահ Շի Ծինփինկի կողմէ։ Թէեւ հանդիպումները տեղի ունեցան ամենաբարձր մակարդակի վրայ, սակայն անոնք առիթ դարձան, որպէսզի հերթական անգամ միջազգային բեմահարթակի վրայ Ուաշինկթըն-Փեքին մրցակցութիւնն ու տարակարծութիւնները ունենան իրենց հերթական դրսեւորումը։

Կը հաղորդուի, որ Էնթընի Պլինքընի եւ Վան Ինի բանակցութիւնները տեւեցին շուրջ հինգուկէս ժամ։ Պլինքըն յայտնեց, որ սա մոլորակի երկու տնտեսական գերտէրութիւններու՝ ԱՄՆ-ի եւ Չինաստանի յարաբերութիւններու տեսակէտէ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ։ Իսկ այդ յարաբերութիւններուն տեսակէտէ խոչընդոտ կը հանդիսանայ այն հանգամանքը, որ Ուքրայնայի դէմ պատերազմին գծով Չինաստան Ռուսաստանի բանակին օգնութիւն կը տրամադրէ։ «Ես կրկնած եմ, որ մենք շատ կ՚անհանգստանանք Ուքրայնայի դէմ դաժան պատերազմ սանձազերծած Ռուսաստանին Չինաստանի կողմէ տրամադրուած օգնութեան պատճառով», նշեց Պլինքըն։

Կը հաղորդուի, որ բանակցութիւններու ընթացքին էական յառաջընթաց չէ արձանագրուած թէ՛ Չինաստանի աժան արտածումներու խնդրին եւ թէ Թայուանի հարցին շուրջ։ Նոյնպէս, Հարաւ-չինական ծովէն ներս առկայ լարուածութեան մեղմացման ուղղութեամբ ալ զարգացում մը արձանագրել կարելի չէ եղած։

Փեքինի շփումներուն ժամանակ Էնթընի Պլինքըն Չինաստանին կոչ ուղղեց, որպէսզի օգտագործէ իր ազդեցութիւնը Հիւսիսային Քորէայի եւ Իրանի վրայ։ Ան նոյնիսկ ընդգծեց, որ Ուաշինկթըն պատրաստ է Փեքինի դէմ նոր պատժամիջոցներ սահմանելու։

Ամերիկեան աղբիւրները լայնօրէն արձագանգ կը հանդիսանան պետական քարտուղարի այս շփումներուն։ Շի Ծինփինկի կողմէ Էնթընի Պլինքընի ընդունման զուգահեռ՝ բոլոր աղբիւրները կը տեղեկացնեն, որ թէ՛ Ուաշինկթըն եւ թէ Փեքին յայտարարած են, թէ յառաջընթացի յոյս ունին միայն որոշ աւելի փոքր, գործնական հարցերու պարագային. օրինակ՝ ռազմական գերատեսչութիւններու միջեւ հաղորդակցութեան բարելաւումը եւ երկու երկիրներու միջեւ ճամբորդութիւններու դիւրացումը։

Այս բոլորով հանդերձ, Պլինքըն Չինաստանի մէջ ըսաւ հետեւեալը. «Ոչինչ կը փոխարինէ դէմ առ դէմ դիւանագիտութիւնը»։

Շաբաթ, Ապրիլ 27, 2024