Հինգշաբթի 28, Նոյեմբեր 2024
ՄԽԻԹԱՐԵԱՆՆԵՐՈՒՆ ՍՈՒԳԸ
Հայկական ֆութպոլի արդի աստղերէն, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի կիսապաշտպան Հենրիխ Մխիթարեան եւ իր ընտանիքը կ՚ապրին սուգի օրեր։ Այսպէս Հենրիխ Մխիթարեան կորսնցուց իր մեծմայրը՝ Լիտիա Մխիթարեանը, որու յուղարկաւորութեան եւ թաղման կարգերը տեղի կ՚ունենան այսօր եւ վաղը։
Հայաստանի Ֆութպոլի դաշնակցութիւնը այս առթիւ հրապարակած է ցաւակցական մը՝ Հենրիխ Մխիթարեանին եւ իր ընտանիքին համար, որու անդամնե-րու շարքին կը գտնուին իր աշխատակիցները։
Չորեքշաբթի, Մայիս 27, 2015