ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ ԲՆԱԳԱՒԱՌԻ ՀԵՌԱՆԿԱՐՆԵՐԸ
Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ Երեւանի մէջ տեսակցեցաւ Ռուսաստանի Ուժանիւթի նախարար Ալեքսանտր Նովաքի հետ։ Հարկ է նշել, որ վերջին օրերուն Երեւանի մէջ գումարուեցաւ ԱՊՀ-ի անդամ երկիրներու ուժանիւթի նախարարներուն ժողովը, որու շրջագծով տեղի ունեցաւ Նովաքի այցելութիւնը։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Սարգսեան եւ Նովաք քննարկեցին ելեկտրական ուժանիւթի, կազի, աթոմային ուժանիւթի բնագաւառներէ ներս երկկողմանի համագործակցութեան ընթացքը եւ զարգացման հեռանկարները։
Սերժ Սարգսեան կարեւորեց ԱՊՀ-ի ելեկտրական ուժանիւթի խորհուրդի ժողովին Երեւանի մէջ տեղի ունենալը։ Արդարեւ, սա լաւ հնարաւորութիւն մըն է քննարկելու համար ուժանիւթի ոլորտէն ներս, նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւններու մէջ զարգացման զուգահեռ յառաջացած հարցերը։ Ըստ Սարգսեանի, ուժանիւթի բնագաւառը հայ-ռուսական ռազմավարական գործընկերային յարաբերութիւններուն մէջ կարեւոր բաղկացուցիչներէն մին է։
Ռուս նախարարն ալ նշեց, թէ իրենց խորհուրդի ժողովին ընթացքին ծաւալուած է արդիւնաւէտ աշխատանք։