Կիրակի 24, Նոյեմբեր 2024
ՎԱՐԴԱՆԵԱՆԻՆ ՓՈԽԱՐԷՆ ԱՒԱԳԵԱՆ
Սեւ ծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի ներկայացուցչութեան մէջ ներկայիս կ՚ապրուի հերթի փոփոխութիւն։ Մշտական ներկայացուցիչ Միքայէլ Վարդանեան աւարտած է իր պաշտօնավարութեան շրջանը ու վաղը կը վերադառնայ Երեւան։ Իրեն պիտի յաջորդէ Արսէն Աւագեան, որ եղած էր առաջին մշտական ներկայացուցիչը, իսկ վերջին տարիներուն Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան մօտ կը գլխաւորէր սահմանակից երկիրներու վարչութիւնը։
Չորեքշաբթի, Մայիս 27, 2015