ԱՆԴՈՒՆԴԸ ԿԸ ԽՈՐԱՆԱՅ

Հայաստանի ներքին քաղաքական կեանքի անդունդը տակաւ կը խորանայ իշխանութեան եւ ընդդիմութեան բեւեռներուն միջեւ։ Երեւանի կեդրոնին միշտ տեղի կ՚ունենան նոր ցոյցեր, երթեր, նստացոյցեր եւ հանրահաւաքներ՝ մինչ կը տիրէ յարատեւ անհանգստութիւն։ Երկրի ընդդիմութիւնը կը պատրաստուի մայիսի 28-ի Հանրապետութեան տօնի շրջանին նոր թափ մը տալ իր բողոքի ալիքին։

Ստեղծուած իրավիճակը միշտ կը զուգորդուի նաեւ լեզուակռիւով։ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան նախընթաց օր յայտնեց, որ ընդդիմութեան ծնունդ տուած շարժումը արդէն ո՛չ թէ իշխանութեան դէմ է, այլ հասարակութեան դէմ։ Վարչապետը խորհրդարանի ամպիոնէն ընդդիմադիր շարժման շուրջ արհամարհական արտայայտութիւններ ունեցաւ նաեւ ցոյցերու եւ երթերու մասնակիցներու քանակին բերումով։

Ուրբաթ, Մայիս 27, 2022