ԳՈՐԾՆԱԿԱՆ ԻՐՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան երէկ Երեւանի մէջ հիւրընկալեց ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահի յատուկ ներկայացուցիչ դեսպան Անճէյ Կասպրչիկը։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, զրուցակիցները անդրադարձան յատուկ ներկայացուցիչի լիազօրութիւններէն բխած հարցերու լայն շրջանակի մը։ Միրզոյեան վերահաստատեց հայկական կողմի դիրքորոշումը Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան համապարփակ կարգաւորման շուրջ։ Այս համատեսքին մէջ ան ընդգծեց ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահութեան միջնորդական դերը։ Քննարկուեցան նաեւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ սահմանազատման ու սահմանային անվտանգութեան հարցերով յանձնաժողովի աշխատանքներու, տարածաշրջանէ ներս տնտեսական կապերու եւ փոխադրական հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման վերաբերեալ հարցեր։
Արարատ Միրզոյեան նախընթաց օր ալ Հայաստանի Ազգային ժողովէն ներս յայտարարած էր, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահութեան աշխատանքներու հարցով թէեւ քոնսենսիւս մը չկայ, սակայն այդ ձեւաչափի «մահուան» մասին լուրերը չափազանցուած են։ Այս ձեւաչափին մէջ բանակցութիւնները շարունակելու ուղղութեամբ քոնսենսիւս մը գոյութիւն չունի՝ Ուքրայնայի պատերազմին հետեւանքով։ Մինչ այդ ալ Ատրպէյճան կը մերժէր ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահութեան ձեւաչափով բանակցութիւնները շարունակելու անհրաժեշտութիւնը, առաջարկը։ Բայց, Ուքրայնայի պատերազմէն յետոյ, նաեւ համանախագահութեան շրջանակէն ներս որոշ տարակարծութիւններ կան։ Յամենայնդէպս, հայկական կողմը հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման առումով բանակցութիւններու տեղը եւ ձեւաչափը կը տեսնէ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահութիւնը։ Հայկական կողմը այս մասին շարունակաբար կը խօսի եւ այս ուղղութեամբ միջազգային բոլոր գործընկերներուն հետ կ՚աշխատի, առաջին հերթին, համանախագահներու հետ։ Վերջերս համանախագահ երկիրները վերահաստատած են իրենց յանձնառութիւնը այդ իսկ ձեւաչափին մէջ աշխատանքները շարունակելու համար։
Խորհրդարանի ամպիոնէն կատարած յայտարարութիւններուն մէջ Արարատ Միրզոյեան դիտել տուաւ նաեւ, որ Հայաստան-Ատրպէյճան ենթադրեալ բանակցային սեղանին վրայ ալ քանի մը ուղղութիւններով կայ յառաջընթաց։ Կան ուղղութիւններ, ուր դիրքորոշումները կրնան համընկնիլ։ Իր խօսքով՝ այն, ինչ որ բանակցային սեղանին վրայ դրուած է, հրապարակային է ու թափանցիկ։ Տակաւին կը փորձուի հասկնալ այն հաւանական կէտերը, ուր դիրքորոշումները կրնան համընկնիլ։ Այս ամբողջին մէջ Արարատ Միրզոյեան որպէս օրինակ մասնաւորապէս յիշեց սահմանազատման եւ սահմանագծման, անվտանգութեան հարցերով արդէն որոշ յառաջընթացի արձանագրուած ըլլալը։ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի վրայ տեղի ունեցած փոխ-վարչապետներու առաջին հանդիպումէն վերջ երկրորդը տեղի պիտի ունենայ Մոսկուայի մէջ։ Փոխադրութեան ու տնտեսական ենթակառուցուածքներու բացման ուղղութեամբ ալ կան որոշ պատկերացումներու համընկնումներ։ Վերաբացուելիք բոլոր ճանապարհները պիտի ըլլան՝ անոնց անցած երկիրներու ինքնիշխանութեան ներքեւ եւ պիտի գործեն այդ երկրի օրէնսդրութեան համապատասխան։
Անդրադառնալով մասնաւորապէս Զանգեզուրի միջանցքի հարցին՝ Արարատ Միրզոյեան վերահաստատեց, որ շուրջ մէկուկէս տարի առաջ Ատրպէյճանի կողմէ շրջանառութեան մէջ դրուած տրամաբանութիւնը Հայաստանի համար անընդունելի է ու կարծես թէ կայ համընդհանուր ընկալում մը, որ այդպէս պիտի չըլլայ։ Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան պայմանագրին շուրջ ալ առայժմ բանակցութիւններ կը վարուին բանակցութիւններու մասին։
Թէ՛ Եւրոմիութեան եւ թէ Ռուսաստանի վերջին շրջանի միջնորդական ջանքերու լոյսին տակ՝ Արարատ Միրզոյեան յայտնեց, որ բանակցային գործընթացէն ներս ճնշումներ պէտք չէ յառաջացնել։ Հայկական կողմը բոլոր ջանքերը կ՚ողջունէ։ Երեւան բազմիցս հաստատած է իր պատրաստակամութիւնը տարածաշրջանէ ներս կայուն խաղաղութիւն կառուցելու եւ Ատրպէյճանի հետ յարաբերութիւնները կարգաւորելու համար, ներառեալ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը։
Միրզոյեան անդրադարձաւ նաեւ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին։ «Թուրք գործընկերները յարաբերութիւններու կարգաւորումը որոշակիօրէն կը համաժամանակեցնեն Հայաստան-Ատրպէյճան գործընթացին հետ», ըսաւ ան։ Թէեւ հանրային խօսքի մակարդակով կ՚ըսուի, որ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը առանց նախապայմաններու է, սակայն թուրք գործընկերները այդ գործընթացը որոշակիօրէն կը համաժամանակեցնեն հայ-ատրպէյճանական գործընթացի հետ։ Ըստ իրեն, յատուկ ներկայացուցիչներու հանդիպման վայրը այդքան ալ մեծ կարեւորութիւն չի ներկայացներ։ Եթէ գործընթացը արդէն շօշափելի արդիւնքներ արձանագրել սկսի, ապա չի բացառուիր, որ ինչ-որ պահով այդ հանդիպումները տեղի կրնան ունենալ նաեւ Անգարայի եւ Երեւանի մէջ։ Արարատ Միրզոյեան ցաւ յայտնեց, որ գործընթացի առանց նախապայմաններու ըլլալով հանդերձ Անգարա Պաքուի հետ կը համակարգէ ամէն ինչ։ Սա, բնականաբար, յաւելեալ շինիչ արժէք մը չի վերագրեր այս գործընթացին եւ մթնոլորտը աւելի կառուցողական չի դարձներ։
Ըստ Արարատ Միրզոյեանի, քննարկումները կը շարունակուին, այս պահուն դժբախտաբար որեւէ էական, շօշափելի արդիւնք չկայ։ Հայկական կողմը հաստատակամ ու անկեղծ է իր հրապարակայնօրէն յայտնուած դիրքորոշման մէջ, հետաքրքրուած է սահմանի բացումով եւ յարաբերութիւններու հաստատումով ու կը փափաքէր նոյնը տեսնել նաեւ Թուրքիայէն։ Բաց աստի, Միրզոյեան դիտել տուաւ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարի շարժումներն ալ չեն նպաստեր այս գործընթացին։