ՓՈԽ-ՎԱՐՉԱՊԵՏՆԵՐՈՒ ՕՐԱԿԱՐԳԸ

Մոսկուայի եռակողմանի գագաթաժողովէն վերջ, այժմ կը սպասուի Հայաստանի, Ռուսաստանի եւ Ատրպէյճանի փոխ-վարչապետներու հանդիպման, որ նախատեսուած է յաջորդ շաբթուան մէջ։ Գագաթաժողովէն վերջ յայտարարուած էր, որ տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման հարցին շուրջ պիտի ծաւալուին փոխ-վարչապետներու բանակցութիւնները։

Կը հաղորդուի, որ Ռուսաստանի փոխ-վարչապետ Ալեքսէյ Օվերչուք, որ այդ բանակցութիւններուն պիտի մասնակցի, մանրամասնութիւններ հրապարակեց քննարկումներու օրակարգին շուրջ։

«Խօսքը Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ սահմանը հատելու ընթացակարգին մասին է։ Թէ ինչպէ՞ս պիտի իրականացուի սահմանային ու մաքսային հսկողութիւնը», ըսաւ Օվերչուք ու շեշտեց, որ այս բոլորը թէեւ թեքնիք բնոյթ ունին, բայց շատ կարեւոր մանրամասնութիւններ են։ Ուստի, յառաջիկայ շաբթուան քննարկումներուն ընթացքին փոխ-վարչապետները ուշադրութեան առարկայ պիտի դարձնեն այս հարցերը։

Իր կարգին, Քրեմլինի բանբերը՝ Տիմիթրի Փեսքովն ալ բացատրութիւններ տուաւ Մոսկուայի վերջին գագաթաժողովին շուրջ։ Իր խօսքով՝ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ իսկապէս պայմանաւորուածութիւններու հասան եւ յանձնարարեցին, որպէսզի փոխ-վարչապետները հանդիպին յաջորդ շաբաթ։ «Սա յաջորդ շաբաթավերջին պիտի ըլլայ։ Անոնք պիտի հանդիպին Մոսկուայի մէջ եւ պիտի յղկեն այն խնդիրները, որոնք կան, հիմնարար ըմբռնումը, թէ ինչպէս լուծել զանոնք։ Պէտք է տակաւին պայմանաւորուիլ մանրամասնութիւններու շուրջ», ըսաւ Փեսքով եւ աւելցուց, որ կայ ընդհանուր տեսակէտ մը, կայ ղեկավարներու ըմբռնում մը, թէ իսկապէս կարելի է հասնիլ լուծման, հետեւաբար աշխատանքային մակարդակի վրայ այլեւս արհեստական խոչընդոտներ պէտք չէ ստեղծուին։

«Կարեւորը վերջնական արդիւնքն է։ Այստեղ ոչ ոք ժամանակի ետեւէն կ՚իյնայ։ Եւ այս իսկ պատճառով դժուար թէ հիմա ոեւէ մէկը կարողանայ կանխատեսել խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրման ճշգրիտ թուականը։ Թէեւ դարձեալ, ինչպէս ըսուած է երէկուան հանդիպման, հանգամանքները փոխուած են շատ առումներով եւ, ըստ էութեան, հայեցակարգային առումով… Այս բոլոր հանգամանքները թոյլ կու տան տեսանելի ապագային խաղաղութեան պայմանագրի մը կնքուիլը», եզրափակեց Փեսքով։

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ ՈՒՇԱԴԻՐ

Հայաստան-Ատրպէյճան բանակցութիւնները երկար ժամանակէ ի վեր միջնորդութեան ջանքերու առումով կռուախնձոր դարձած են՝ Արեւմուտք-Ռուսաստան առկայ մեծ մրցակցութեան պայմաններուն ներքեւ։ Մօտաւոր անցեալին Արեւմուտքի միջնորդութեամբ կազմակերպուած Երեւան-Պաքու շփումները ռուսական կողմի հակազդեցութեան պատճառ դարձած էին։ Այժմ, Ուաշինկթըն ուշադրութեամբ կը հետեւի՝ այս անգամ Մոսկուայի միջնորդած շփումներուն։

Մոսկուայի եռակողմանի գագաթաժողովէն անմիջապէս վերջ, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարի Կովկասի բանակցութիւններու գծով աւագ խորհրդական ու ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի ամերիկացի համանախագահ Լուիս Պոնօ շփումներ ունեցաւ Երեւանի մէջ։ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան եւ անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան իր հետ քննարկեցին Ատրպէյճանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման եւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին վերաբերեալ հարցեր։ Զրուցակիցները կանգ առին նաեւ սահմանազատման եւ սահմանային անվտանգութեան առկայ հարցերուն վրայ։

Մինչ յաջորդ շաբաթ Մոսկուայի մէջ ժամադրուած են փոխ-վարչապետները, արդէն օրակարգի վրայ է նաեւ Արեւմուտքի միջնորդութեամբ ուրիշ բարձրաստիճան հանդիպում մը։ Քիշինեւի մէջ, Եւրոպական համայնքի գագաթաժողովի շրջանակէն ներս նախատեսուած է հնգակողմ գագաթաժողով մը՝ մասնակցութեամբ Նիկոլ Փաշինեանի, Իլհամ Ալիեւի, Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի, Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոնի եւ Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլցի։

Շաբաթ, Մայիս 27, 2023