ՄԻՇՏ ԽԱՂԱՂ ՍՊԱՍՈՒՄ
Ելեկտրականութեան սակի բարձրացումը մերժող «Ո՛չ թալանին» նախաձեռնութիւնը երէկ ներկայացուց իր նոր պահանջները։ «Վերանայիլ եւ չեղեալ յայտարարել ապօրինաբար կայացուած հոսանքի սակագինի որոշումը, վերանայիլ անցեալ տարուան սակագինը՝ նուազեցման նպատակով եւ պատժել բոլոր այն կարգազանց ոստիկանները, որոնք անօրինական կերպով Յունիսի 22-ին Բաղրամեան պողոտային վրայ ծեծի ենթարկեցին խաղաղ ցուցարարները, ինչպէս նաեւ պատժել անոնց անօրինական հրաման տուողները։
Հարկ է նշել, թէ Բաղրամեանի վրայ ցոյցը կը շարունակուի նոյն թափով։ Նախաձեռնող խումբի պատասխանատուներու եւ ոստիկանութեան միջեւ մշտական կապի շնորհիւ ցոյցը կը մնայ խաղաղ։ Երէկ գիշեր արուեստագէտներու, խորհրդարանականներու եւ հոգեւորականներու խումբ մը դարձեալ միացաւ ցոյցին, պատնէշ կազմելով ոստիկանութեան եւ ցուցարարներուն միջեւ, կանխելու համար որեւէ բախում։
Միւս կողմէ, Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունեց Հայաստան-Ռուսաստան տնտեսական համագործակցութեան միջկառավարական յանձնաժողովի ռուսական կողմի նախագահ Մաքսիմ Սոքոլովի գլխաւորած պատուիրակութիւնը։
Անդրադառնալով Երեւանի մէջ արդէն քանի մը օրէ ի վեր տեղի ունեցող ելեկտրականութեան գինի բարձրացման դէմ բողոքի ցոյցին՝ Սարգսեան ըսաւ, որ որոշ փորձագէտներ կը փորձեն հակառուսական տրամադրութիւններ փնտռել այդ բոլորին մէջ։ Ան ընդգծեց, թէ զինքը կ՚ուրախացնէ այն փաստը, որ ցուցարարները իրենք իսկ կը հաստատեն այդ ենթադրութիւններուն անհեթեթութիւնը։
Նախագահը «ժողովրդական չվայելող քայլ» որակած է հասարակութեան կողմէ կատար-ւած խաղաղ ցոյցները, միաժամանակ սակայն ռուսերուն յայտնած է, թէ ճիշդ պիտի ըլլայ եթէ ջրաելեկտրակայաններու ցանցը ենթարկուի հաշուեքննութեան։ Ըստ նախագահին, ճիշդ պիտի ըլլար, որ միջկառավարական յանձնաժողովը իւրայատուկ ուշադրութիւն դարձնէր Հայաստանի մէջ ռուսական ընկերութիւններու գործունէութեան։ «Մենք մէկ կողմէ կ՚ուզենք, որ դուք զբաղիք ձեր կատարած ներդրումներու պաշտպանութեամբ, իսկ միւս կողմէ տուեալ հարցին նայիք այդ ընկերութիւններու ընկերային պատասխանատուութեան տեսանկիւնէն», ըսած է Նախագահ Սերժ Սարգսեան։
Սերժ Սարգսեանի առաջարկին հետ կապուած Մաքսիմ Սոքոլով նշեց, որ յանձնաժողովի հովանիին տակ կը կազմակերպուի ընկերութեան գործունէութեան վերստուգումը՝ ներգրաւելով փորձագէտներու, շահագրգիռ կողմերու ներկայացուցիչներու, այդ բոլորը իրականացնելով առաւելագոյնս բաց եւ թափանցիկ, որպէսզի հաշուեքննութեան արդիւնքով իրավիճակը ըլլայ բոլորին հասկնալի։
Հարկ է նշել, թէ Հայաստանի մէջ ելեկտրականութեան համար ժողովուրդէն գանձուող սակագինը սովետական նախկին երկիրներու մէջ ամենաբարձրն է։ Մանաւանդ որ, Հայաստան ինքնաբաւ է ելեկտրականութեան առումով եւ ինք կ՚արտադրէ իր հոսանքը։ Հայաստանի ելեկտրականութիւնը հսկող ընկերութիւնը ռուսական կազմակերպութիւն մըն է, որու բարձրաստիճան ղեկավարները միլիոնաւոր դրամ արժողութեամբ ինքնաշարժներով եւ յարկաբաժնի վարձքերով կը բնակին Երեւանի մէջ եւ այս բոլորը մեծ ընդվզում կը յառաջացնէ հասարակութեան մօտ։