ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԻ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ ԿԸ ՍԿՍԻՆ ՄԻՐԶՈՅԵԱՆԻ ԵՒ ՊԱՅՐԱՄՈՎԻ ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Ուաշինկթընի մէջ այսօր կը սկսին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի բանակցութիւնները՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընի միջնորդութեամբ։ Մօտաւոր անցեալին յետաձգուած բանակցութիւններու այս փուլը տեղի կ՚ունենայ բաւական մռայլ համայնապատկերի մը վրայ։ Արդարեւ, Հայաստանի վերլուծաբանները ընդհանուր առմամբ մեծ սպասումներ չունին՝ այս օրուան բանակցութիւններէն՝ մանաւանդ, որ Ատրպէյճան սահմանի վրայ յաճախ կը հրահրէ բռնութեան դէպքեր։

Ուաշինկթընի բանակցութիւններուն ընդառաջ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսիի հետ։ Այս վերջինը երէկ հեռաձայնով զրուցեց նաեւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ Մինչ Ուաշինկթընի բանակցութիւնները կը սկսին, Երեւանի ղեկավարութիւնն ալ այսօր կը հիւրընկալէ ԱՄՆ-ի պետական քարտուղարութեան աւագ խորհրդականներէն Ճասթին Ֆրիտմանը։ Իսկ Ստեփանակերտի մէջ իրերայաջորդ ժողովներ կը գումարուին՝ քանի Արցախը ամբողջականապէս պաշարուած է Ատրպէյճանի կողմէ։ Երէկ, Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի գլխաւորութեամբ հերթական խորհրդակցութիւնը տեղի ունեցաւ՝ արժեւորելու համար թէ՛ անվտանգային մթնոլորտը եւ թէ մարդասիրական կացութիւնը։ Նոյնպէս նախարարներու այսօրուան ժամադրութեան ընդառաջ Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանովն ալ զգայացունց յայտարարութիւնով մը հանդէս եկաւ։ Իր խօսքով՝ մեծ ջանքերու կարիք պիտի չըլլայ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մնացած ռազմական խմբաւորումներու ոչնչացման համար։

Հայաստանի Ազգային ժողովի փոխ-նախագահ Ռուբէն Ռուբինեանն ալ երէկ յայտնեց, որ Ատրպէյճանի հետ խաղաղութեան պայմանագրի աշխատանքներու շրջանակէն ներս գլխաւոր հարցերու կապակցութեամբ տակաւին տարակարծութիւնները կը շարունակուին։ Ռուբէն Ռուբինեան, որ միեւնոյն ժամանակ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացէն ներս Հայաստանի յատուկ ներկայացուցիչն է, երէկ տեղեկացուց, թէ Մարքարայի կողմէ շուտով պիտի աւարտին սահմանի ենթակառուցուածքներու պատրաստութիւնները եւ համապատասխան աշխատանքները։ Ան յոյս յայտնեց, թէ Թուրքիան ալ հաւատարիմ պիտի մնայ իր խոստումին սահմանը բանալու համաձայնութեան շուրջ։

Երեքշաբթի, Յունիս 27, 2023