ԿԱՐՄԻՐ ԳԻԾՈՎ ԶՐՈՅՑ
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Լոյտ Օսթին եւ Ռուսաստանի պաշտպանութեան նախարար Անտրէյ Պելուսով երէկ ունեցան հեռախօսազրոյց մը։ Ուքրայնայի պատերազմով պայմանաւորուած մթնոլորտին մէջ երկու երկիրներու պաշտպանութեան նախարարները շուրջ տարուան մը ընդհատումէ վերջ առաջին անգամ շփում հաստատեցին։ Անոնք զրուցեցին՝ Ուաշինկթընի եւ Մոսկուայի միջեւ 1963 թուականին հաստատուած կարմիր գիծին միջոցաւ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, նախարարները անդրադարձան Ուքրայնայի պատերազմի ընթացքին։
Փենթակոնի բանբերը՝ Փեթրիք Ռայտըր այս կապակցութեամբ ըսաւ. «Ուքրայնայի առկայ պատերազմի ստուերին ներքեւ՝ Օսթին պաշտօնակցին հետ կապ հաստատեց՝ բացատրելու համար, որ ԱՄՆ-ի եւ Ռուսաստանի միջեւ շարունակ բաց շփման միջոցի մը գտնուիլը կարեւորութիւն կը ներկայացնէ»։
Ռուսաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան յայտարարութեան մէջ ալ նշուեցաւ հետեւեալը. «Պելուսով պաշտօնակիցը՝ Օսթինը զգուշացուց, որ Ուքրայնայի պատերազմի հրահրումը ծայր աստիճան վտանգաւոր է»։ Պելուսով շեշտած է, որ հակամարտութիւնը 28 ամիսէ ի վեր կը շարունակուի։ Ան կանգ առած է ԱՄՆ-ի կողմէ զէնք ու զինամթերքի շարունակ մատակարարումներուն վրայ։
Ուաշինկթըն-Մոսկուա առանցքին վրայ վերջին օրերուն լուրջ լարուածութեան պատճառ դարձած է՝ Ուքրայնայի բանակին կողմէ ամերիկեան ATACAMS հրթիռներով Խրիմի թիրախաւորումը։ Սեպաստափոլի ծովափին վրայ պայթած հրթիռները պատճառ դարձած էին չորս հոգիի մահուան։ Ռուսաստան այդ յարձակումէն վերջ խիստ յայտարարութիւնով մը հանդէս եկած էր՝ շեշտելով, որ Ուքրայնայի հակամարտութեան մէջ ԱՄՆ-ը այլեւս կը ճանչնայ որպէս կողմ։ Ռուսական կողմը տեղեկացուցած էր, որ այդ յարձակման պիտի փոխադարձէր։
Արեւմուտքը Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմին հետեւանքով երկար ժամանակէ ի վեր տագնապահար է։ Բացի ԱՄՆ-էն, Եւրոպայի բազմաթիւ երկիրներ ամենայն անհանգստութեամբ կը հետեւին իրադարձութիւններուն։ Արեւմտեան պլոքի երկիրներու օրակարգին վրայ է Ուքրայնային՝ զէնք ու զինամթերքի մատակարարումով զօրակցիլը։ Ֆրանսայի եւ Գերմանիոյ նման երկիրներ այս հարցին լրջօրէն ներգրաւուած են՝ ըլլալով Եւրոմիութեան անդամ, ուր սակայն միանշանակ վերաբերմունք չկայ, որովհետեւ կարգ մը երկիրներ Ռուսաստանի դէմ առճակատման երթալու կողմնակից չեն։ Վերջին օրերուն զանազան աղբիւրներ հրապարակեցին տեսանիւթեր, ուր ռուսական հարուածային անօդաչու թռչող սարք մը կ՚ոչնչացնէր Գերմանիոյ կողմէ Ուքրայնայի բանակին տրամադրուած հրասայլ մը։
Հարկ է նշել, որ միջազգային աղբիւրներու հաղորդումներով՝ վերջին օրերուն Ռուսաստանի եւ Ուքրայնայի միջեւ տեղի ունեցած էր նաեւ գերիներու փոխանակումը։