ՅԱՄԱՌ ՇՓՈՒՄՆԵՐ
Թուրքիա այս շրջանին խտացեալ ջանքեր կը գործադրէ Մերձաւոր Արեւելքի ուղղութեամբ՝ մասնաւորապէս Կազզէի արիւնահեղութիւնը կասեցնելու համար։ Անգարայի ղեկավարութիւնը բոլոր ուղղութիւններով շարժման անցած է միջազգային հարթակներու վրայ։ Մինչ այդ, նկատի ունենալով, որ Իսրայէլի կողմէ լուրջ սպառնալիքներ խնդրոյ առարկայ են Լիբանանի դէմ՝ Թուրքիա այս ուղղութեամբ ալ կու տայ վճռակամ պատգամներ։
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ ԱՔ կուսակցութեան խորհրդարանական խմբակցութեան ժողովի ընթացքին ունեցած ելոյթին ժամանակ ալ անդրադարձաւ այս հարցին։ Ան շեշտեց, թէ Լիբանանի վրայ հաւանական յարձակում մը աղէտի համազօր պիտի ըլլայ։ Իր խօսքով՝ Արեւմուտքի յօժարութեամբ Նեթանիյահու կը ծրագրէ տարածաշրջանէ ներս պատերազմը ընդլայնել, ինչ որ աղէտի մը պատճառ պիտի ըլլայ։ «Արիւնալի ծրագիրներու դէմ Արեւմուտքէն առաջ հակազդեցութիւն պէտք է ցուցաբերեն իսլամական աշխարհն ու Մերձաւոր Արեւելքի եղբայրական երկիրները։ Այս բանին առիթ պէտք չէ տալ», ըսաւ ան։
Նախագահ Էրտողան ելոյթին ժամանակ առանձնապէս անդրադարձաւ Երեւանի կողմէ Պաղեստինի պետութեան ճանաչման։ Այս կապակցութեամբ ան ըսաւ. «Վարչապետ պրն. Փաշինեանի ղեկավարութեամբ Հայաստանի կողմէ Պաղեստինի պետութեան ճանաչման որոշումն ալ կ՚ողջունենք։ Յայտարարուած այս որոշումով մանաւանդ ճանաչման քայլերը 149-ի բարձրացած են, ինչ որ շատ կարեւոր եւ արժէքաւոր է։ Առաջ Աստուած մեր շփումները պիտի շարունակենք, որպէսզի աւելի բարձր թիւով երկիրներ Պաղեստինը ճանչնան»։
Մինչ այդ, Էրտողան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Լիբանանի վարչապետ Նեճիփ Միքաթիի հետ։ Ան շեշտեց, որ Իսրայէլի կողմէ հակամարտութեան ընդլայնման ուղղեալ ջանքերը ծայր աստիճան վտանգաւոր են։ «Իսրայէլի նախայարձակ քաղաքականութիւններուն դէմ Թուրքիա Լիբանանի կողքին է», ըսաւ ան։
Միւս կողմէ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան երէկ Վարշաւիոյ մէջ մասնակցեցաւ Թուրքիա-Լեհաստան-Ռումանիա եռակողմանի համագործակցութեան գործընթացի ժողովին։ Այս երեք երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու հարթակին վրայ Ֆիտան նոյնպէս արծարծեց Կազզէի տագնապը։ Իր խօսքով՝ Կազզէի սպանդը ունի ամէն պահ տարածաշրջանային պատերազմ մը հրահրելու ներուժը։ Այն երկիրները, որոնք անվերապահօրէն կ՚աջակցին Իսրայէլին, պէտք է վերատեսութեան ենթարկեն իրենց դիրքորոշումը՝ առանց աւելի յապաւելու։