ՏԱՒՈՒՇԻ ՄԷՋ ՆՈՅՆ ԲԵՄԱԳՐՈՒԹԻՒՆԸ

Ազգային ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեան կը նշէ, որ 2026 թուականի խորհրդարանական ընտրութիւններուն ՔՊ-ն («Քաղաքացիական պայմանագիր» իշխանական կուսակցութինը) Կիրանցի մէջ շռնդալից յաղթանակ կը տանի: Ինձ կը թուի, թէ այդպէս ալ կ՚ըլլայ։ Եթէ ամէն ինչ շարունակէ այնպէս, ինչպէս կ՚երթայ, երկու տարիէն այդ գիւղին մէջ կը մնան միայն այն մարդիկ, որոնք երթալու տեղ չունին: Մէկ մասը «կարմիր» եւ «սեւ» պերետաւորները ծեծ ու ջարդով կը հանեն տուներէն, որպէսզի այդ տուները տան ատրպէյճանցիներուն: Միւս մասը ժամանակի ընթացքին կը թողէ գիւղը: Անոնք չեն բացագանչեր «վա՜յ, ինչ լաւ է, որ ատրպէյճանցիները ընդամէնը 50 մեթրի վրայ են» (ինչպէս կ՚առաջարկէ վարչապետը): Անոնք ծառեր չեն տնկեր, որպէսզի ատրպէյճանցի զինուորները չտեսնեն: Չեն ցանկանար իրենց երեխաները դպրոց տանիլ թշնամիի նշանառութեան տակ: Կիրանցի մէջ կը մնան մեր զինուորները (որոնք եւ կ՚ապահովեն ՔՊ-ի շռնդալից յաղթանակը՝ հին հայկական սովորութիւն է), ինչպէս նաեւ տարեց մարդիկ:

Սա «պայղուշութիւն» չէ, «Կիկոսի մահուան» պատմութիւն չէ: Ընդամէնը նախորդ փորձի (ներառեալ՝ վերջին երեք տարուան) «արտամիջարկում»ն է այս դէպքի վրայ:

Կը կարծեմ, ոեւէ մէկու լեզուն չի պտտիր այդ մարդոց հարցնել՝ «Ինչո՞ւ թողեցիք Կիրանցը»: Հակառակ հիմա կան իշխանութեան առաւել անգութ եւ ցինիկ ներկայացուցիչներ ու քարոզիչներ, որոնք կը համարձակին այդ հարցը տալ արցախցիներուն: Ինչե՜ր ըսես չեն փսրտար՝ սեփական մեղքը ուրիշներու վրայ բարդելու համար:

Այսինքն՝ կ՚ենթադրուի, որ արցախցիները պէտք է «սորվէին հաշտ ապրիլ ատրպէյճանցիներու հետ». այն ատրպէյճանցիներուն, որոնք այժմ կ՚աւերեն հայկական եկեղեցիներն ու գերեզմանները: Այն ատրպէյճանցիներու, որոնց ղեկավարն օր ու մէջ կը սպառնայ նոր պատերազմով:

Ի դէպ, Հայաստանի իշխանութիւններու այդ քարոզչութիւնը («ինչո՞ւ թողած-եկած էք») մէկը մէկին կը համապատասխանէ Պաքուի դիրքորոշման, ըստ որու՝ որեւէ էթնիք զտում չէ եղած, այդ մարդիկ միանգամայն ապահով կրնային ապրիլ իրենց տուներուն մէջ, բայց չես գիտեր ինչու (երբեմն կ՚ըսեն՝ Արցախի վատ իշխանութիւններու պատճառով) որոշեցին երթալ:

…Աւելի վաղ վարչապետ Փաշինեան ըսաւ, որ մարդիկ կ՚երթային Հայաստանէն, որովհետեւ կը վախնային պատերազմէն: Սա ալ ճիշդ է: Հիմա ալ նոյն պատճառով կ՚երթան, որովհետեւ պատերազմի վտանգը, մեղմ ըսած, չէ նուազած:

Գացողը կ՚երթայ՝ այդպիսին է մարդկային էութիւնը: Մնացողներու համար պէտք է ապրելու մոթիվասիոն ստեղծել: Եւ մոթիվասիոնին մէջ չի կրնար ըլլալ պատրանքային «խաղաղութեան դարաշրջանը»:

ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
Խմբագրական՝ Երեւանի «Առաւօտ» օրաթերթի

Հինգշաբթի, Յունիս 27, 2024