ԲԱԶՄԱՌԱՆՑՔ ՊԱՅՔԱՐ
Թուրք զինեալ ուժերը շաբաթավերջին շարունակեցին լայնածաւալ գործողութիւնները «Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» (ԻՇԻՊ) եւ ՓՔՔ ահաբեկչական կազմակերպութիւններուն դէմ։ Սուրիոյ եւ Հիւսիսային Իրաքի սահմանամերձ շրջաններուն մէջ, Տիարպաքըրէն թռիչք առած թրքական ռազմաօդանաւները ծանր հարուածներ հասցուցին իրենց թիրախներուն։ Ռմբակոծումներուն զուգորդուեցան նաեւ երկրէն ներս անվտանգութեան ուժերուն կողմէ բազմաթիւ ահաբեկչական լծակներուն դէմ կատարուած գործողութիւնները, որոնց արդիւնքին ձերբակալուեցաւ շուրջ հազար հոգի։
Իրականութեան մէջ Թուրքիա բազմառանցք պայքար մը կը մղէ ահաբեկչութեան դէմ։ Պետական աւագանին շաբաթավերջին շարունակեց վճռական պատգամներ տալ այս ուղղութեամբ։ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան եւ Վարչապետ Ահմէտ Տավուտօղլու ունեցան տեսակցութիւն մը։ Տավուտօղլու հեռախօսազրոյցներ ունեցաւ նաեւ ՃՀՓ-ի կուսակցապետ Քեմալ Քըլըչտարօղլուի եւ ՄՀՓ-ի կուսակցապետ Տեւլէթ Պահչելիի հետ։ Ան տեղեկացուց, թէ պատուիրակութիւններ պիտի ուղարկուին ընդդիմադիր կուսակցապետներուն՝ ահաբեկչութեան դէմ ձեռնարկուած գործողութիւններուն շուրջ տեղեկութիւններ փոխանցելու առաջադրութեամբ։ Տավուտօղլու մէկտեղուեցաւ նաեւ խումբ մը ազդեցիկ զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ղեկավարներուն հետ։
Այս հանդիպումներուն զուգահեռ վարչապետը կարեւոր հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Հիւսիսային Իրաքի քրդական ինքնավարութեան ղեկավար Մեսուտ Պարզանիի հետ։ Տավուտօղլու ընդգծեց, թէ Թուրքիա պիտի շարունակէ ամէն տեսակ նախազգուշական միջոց ձեռք առնել՝ որքան ատեն որ շարունակուին ՓՔՔ-ի ահաբեկչական արարքները։
Վարչապետ Տավուտօղլու շաբաթավերջին իր յայտարարութիւններուն մէջ կարեւորութեամբ շեշտեց, թէ Թուրքիա չի կրնար լռութիւն պահել այն տարրերուն դէմ, որոնք իրեն կը սպառնան եւ իր հակահարուածները պիտի շարունակուին՝ որքան ատեն որ այդ սպառնալիքները չդադրին։ Մինչ վերջին օրերու մթնոլորտին մէջ բուռն քննադատութիւններ կը հնչեն նաեւ ՀՏՓ-ի հասցէին, Տավուտօղլուն ալ յայտնեց, թէ այդ կուսակցութեան համար եկած է կողմնորոշման օրը։
Միւս կողմէ, Թուրքիա արտակարգ ժողովի հրաւիրեց ՆԱԹՕ-ի խորհուրդը։ Արտաքին գործոց նախարարութեան աղբիւրները տեղեկացուցին, թէ այդ նիստը նախատեսուած է վաղը։ Անգարա կը նախատեսէ իր ազգային անվտանգութեան ուղղեալ վերջին յարձակումներուն եւ սպառնալիքներուն կապակցութեամբ ահաբեկչութեան դէմ ձեռք առած նախազգուշական միջոցներուն եւ ձեռնարկած գործողութիւններուն շուրջ տեղեակ պահել դաշնակիցները։ Այդ բոլորին շուրջ թրքական կողմը կ՚ակնկալէ նաեւ ուխտի երկիրներուն զօրակցութիւնը։ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլուն ալ շաբաթավերջին յայտարարեց, որ Թուրքիա միշտ որպէս սպառնալիք ընկալած է ԻՇԻՊ-ը։
Տեղական մամուլը այսօր լայնօրէն արձագանգ կը հանդիսանայ Վարչապետ Ահմէտ Տավուտօղլուի եւ երկրի յառաջատար լրատուամիջոցներու ղեկավարներուն միջեւ տեղի ունեցած հանդիպման։ Այս զրոյցի մանրամասնութիւններուն հրապարակումը միեւնոյն ժամանակ առիթ կը հանդիսանայ, որպէսզի բիւրեղանան Անգարայի նպատակներն ու ակնկալութիւնները առկայ մթնոլորտին մէջ։ Այս շրջագծով Տավուտօղլու ըսած է, թէ Թուրքիա չի փափաքիր իր սահմաններուն վրայ տեսնել ԻՇԻՊ-ը։ Այդ կազմակերպութեան ճամբարները պիտի ռմբակոծուին մինչեւ որ ան հեռանայ Թուրքիոյ սահմաններէն։ Վարչապետին խօսքերով, կառավարութիւնը յստակ ենթադրած է այս նպատակին հասնելու միջոցներն ու հանգրուանները։ ԻՇԻՊ-ի փոխարէն Թուրքիա կը նախընտրէ Սուրիոյ յարաբերաբար մեղմ ընդդիմութիւնը տեսնել սահմանին վրայ։ Թրքական կողմը մտադիր չէ ցամաքային զօրքեր մտցնել Թուրքիա։
ՓՔՔ-ի պարագային եւս վարչապետը փոխանցեց վճռական պատգամներ։ Ըստ իրեն, այս կազմակերպութիւնը կա՛մ պիտի թողու զէնքերը եւ կամ պիտի ենթարկուի հետեւանքներուն։ Գործողութիւնները պիտի շարունակուին այնքան ժամանակ, որ այս կազմակերպութիւնը զէնքը թողու Թուրքիոյ մէջ։ Առանց անոր երկրէն հեռանալուն՝ Իմրալըի հետ որեւէ շփում պիտի չըլլայ։ Պիտի մաքրագործուին քաղաքներու մէջ ամբարուած զէնքերը։ Լուծման գործընթացը պիտի վերսկսի այն ժամանակ, երբ վերջ գտնէ հայրենակիցներուն դէմ սպառնալիքը։