ԵՐԱԽՏԱԳԻՏՈՒԹԵԱՆ ՅՈՒՇԱՄԵՏԱՅԼ

Ե­րե­ւա­նի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած «Ոս­կէ ծի­րան» շար­ժան­կա­րի 12-րդ մի­ջազ­գա­յին փա­ռա­տօ­նին ար­ձա­գանգ­նե­րը կը շա­րունա­կուին։ Այս փա­ռա­տօ­նը ա­ռիթ հան­դի­սա­ցաւ նաեւ Թուր­քիա-Հա­յաս­տան շար­ժան­կա­րի հար­թա­կի գոր­ծու­նէու­թեան հեր­թա­կան ար­դիւնք­նե­րուն ալ ներ­կա­յաց­ման։ Սոյն հար­թա­կին այս տա­րի մաս­նակ­ցե­ցաւ տա­սը նա­խա­գիծ։ Փա­ռա­տօ­նի օ­րե­րուն ի­րա­կա­նա­ցուած ձեռ­նար­կին շրջագ­ծով տե­ղի ու­նե­ցան դա­սըն­թացք­ներ, հան­դի­պում­ներ եւ նա­խա­գի­ծե­րու ներ­կա­յա­ցում­ներ։ Դա­տա­կազ­մի ո­րոշ­մամբ՝ նա­խա­պէս ընտ-րուած նա­խա­գի­ծե­րէն մէ­կուն 10 հա­զար ա­մե­րի­կեան տո­լա­րի քա­նա­կու­թեամբ՝ որ­պէս մրցա­նակ ա­ջակ­ցու­թիւն պի­տի ցու­ցա­բե­րուի, ժա­պա­ւէ­նի ար­տադ­րու­թեան նպաս­տե­լու հա­մար։

«Ոս­կէ ծի­րան»ի գե­ղա­րուես­տա­կան ղե­կա­վար ու շար­ժան­կա­րի քննա­դատ Սու­սան­նա Յա­րու­թիւ­նեան յայտ­նեց, թէ Թուր­քիա-Հա­յաս­տան շար­ժան­կա­րի հար­թա­կը ար­դէն դար­ձած է ա­ւան­դա­կան։ «Մենք դի­մում­նե­րու ըն­դուն­ման մա­սին յայ­տա­րա­րած էինք եր­կու ա­միս ա­ռաջ։ Ու­նինք հայ եւ թուրք ե­րի­տա­սարդ շար­ժան­կա­րի գոր­ծիչ­նե­րու շրջա­նակ մը, ո­րու ան­դամ­նե­րը հե­տաքրք­րուած են նման նիւ­թե­րով։ Նա­խորդ աշ­խա­տան­քա­յին հան­դի­պու­մը տե­ղի ու­նե­ցած էր Ապ­րի­լին Իս­թան­պու­լի մէջ», ը­սաւ ան եւ ա­ւել­ցուց, թէ այս տա­րի ի­րենց ներ­կա­յա­ցուած նա­խա­գի­ծե­րուն 90 տո­կո­սը ա­ռըն­չուած էր ցե­ղաս­պա­նու­թեան նիւ­թին հետ։ Սա կը վե­րա­բե­րի թէ՛ հայ եւ թէ թուրք ա­րուես­տա­գէտ­նե­րու պա­րա­գա­յին։ Ըստ ի­րեն, ներ­կայ տա­րուան պայ­ման­նե­րուն ներ­քեւ սա բնա­կան ե­րե­ւոյթ մըն է, նաեւ կ՚ընդգ­ծէ հար­թա­կի ար­դիւն­քը։

Այս տա­րի քննար­կուած նա­խա­գի­ծե­րուն հե­ղի­նակ­ներն էին՝ Պել­կին Ճեն­կիզ, Սօ­նա եւ Մա­րի­նէ Քո­չա­րեան­ներ, Րաֆ­ֆի Նի­զիպ­լիեան, Գա­գիկ Ղա­զա­րեան, Շան­թալ Փար­թա­մեան, Տիա­նա Մկրտչեան, Սե­նէմ Կէօք­չէ, Ա­վի­վա Բար­խու­դա­րեան, Սապ­րի Ու­մուր Պո­զիյլի եւ Հա­ճը Օր­ման։

Թուր­քիա-Հա­յաս­տան շար­ժան­կա­րի հար­թա­կը կը գոր­ծէ  2008 թուա­կա­նէն ի վեր՝ Հա­յաս­տա­նէն «Ոս­կէ ծի­րան»ի եւ Թուր­քիա­յէն՝ «Ա­նա­տո­լու քիւլ­թիւր»ի հա­մա­տեղ նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ։ Հար­թա­կը կա­պեր կը ստեղ­ծէ եր­կու եր­կիր­նե­րու շար­ժան­կա­րի գոր­ծիչ­նե­րուն մի­ջեւ, կը խրա­խու­սէ հա­մա­տեղ ար­տադ­րու­թիւ­նը ու կը ցու­ցա­բե­րէ ա­ջակ­ցու­թիւն։ Այս հար­թա­կին շրջագ­ծով ցարդ գան­ձատ­րուած է եօթ շար­ժան­կա­րի նա­խա­գիծ՝ եր­կու եր­կիր­նե­րէն։

Միւս կող­մէ, «Ոս­կէ ծի­րան»ի օ­րե­րուն Ե­րե­ւան այ­ցե­լած «Ա­նա­տո­լու քիւլ­թիւր»ի ղե­կա­վար Օս­ման Քա­վա­լա յու­շա­մե­տայ­լով մը պար­գե­ւատ­րուե­ցաւ Ծի­ծեռ­նա­կա­բեր­դի՝ Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան թան­գա­րան-կա­ճա­ռի տնօ­րէն Հայկ Տե­մո­յեա­նի կող­մէ։ Այս տա­րի «Ոս­կէ ծի­րան»ի կազ­մա­կեր­պիչ­նե­րը, հիւ­րերն ու գոր­ծըն­կեր­նե­րը այ­ցե­լու­թիւն մը տուին թան­գա­րան։ Այս առ­թիւ Հայկ Տե­մո­յեան տե­ղե­կա­ցուց, թէ թան­գա­րա­նը կը թո­ղար­կէ շարք մը ոս­կէ մե­տայլ­ներ, ո­րոնք նուի­րուած են զա­նա­զան ե­րախ­տա­ւոր­նե­րու։ Այս շար­քը կը կո­չուի «Ե­րախ­տա­գի­տու­թիւն»։ Սա յու­շա­նուէր-մե­տայլ մըն է, որ կը տրուի թան­գա­րա­նի այ­ցե­լու­նե­րուն, ա­ջա­կից­նե­րուն ու բա­րե­կամ­նե­րուն։ Այդ մե­տայ­լը կը յանձ­նուի որ­պէս ե­րախ­տա­գի­տու­թեան դրսե­ւո­րում։ Ավ­րո­րա Մար­տի­կա­նեա­նի ա­նու­նով կո­չուած է յու­շա­մե­տայ­լը։

Յի­շեալ այ­ցե­լու­թեան ըն­թաց­քին Հայկ Տե­մո­յեան այդ յու­շա­մե­տայ­լով պար­գե­ւատ­րեց «Ոս­կէ ծի­րան»ի հիմ­նա­դիր-տնօ­րէն Յա­րու­թիւն Խա­չատ­րեա­նը, գլխա­ւոր հո­վա­նա­ւոր «Վի­վա­սէլ» ըն­կե­րու­թիւ­նեան ընդ­հա­նուր տնօ­րէն Ռալֆ Եի­րի­կեա­նը, բե­մադ­րիչ Ռոպ Նիլ­սը­նը, բա­րե­րար­ներ՝ Փա­ւէլ Մար­գա­րեանն ու Խա­չիկ Մա­նու­կեա­նը, ինչ­պէս նաեւ Օս­ման Քա­վա­լան։  

Յա­րու­թիւն Խա­չատ­րեան հա­ւա­քոյ­թի ըն­թաց­քին ընդգ­ծեց, որ մրցա­նակնե­րը յանձ­նուած են այն մար­դոց, ո­րոնք օգ­նած են կազ­մա­կեր­պել 2015-ի տա­րե­լի­ցին ձօ­նուած «Այ­լեւս եր­բեք» ծրագ­րը, ո­րու շրջա­նակ­նե­րէն ներս զա­նա­զան եր­կիր­նե­րու մէջ ներ­կա­յա­ցուած են Ե­ղեռ­նի մա­սին ժա­պա­ւէն­ներ։ «Մար­դիկ թէ՛ նիւ­թա­պէս եւ թէ բա­րո­յա­պէս օգ­նած են մե­զի սոյն ծրագ­րի ի­րա­գործ­ման հա­մար։ Ե­ղեռ­նի մա­սին ժա­պա­ւէն­նե­րը շատ ա­ւե­լի հասկ­նա­լի են, քան խօս­քը։ Այս տա­րի մենք լաւ գործ ը­րինք, աշ­խար­հի տաս­նեակ եր­կիր­նե­րուն մէջ ցու­ցադ­րե­ցինք Ե­ղեռ­նի մա­սին ժա­պա­ւէն­ներ, մար­դիկ հասկ­ցան, թէ ինչ ցաւ ու­նի հայ ժո­ղո­վուր­դը։ Շնոր­հա­կա­լու­թիւն ա­նոնց, ո­րոնք օգ­նե­ցին մե­զի», ը­սաւ Յա­րու­թիւն Խա­չատ­րեան։

«Ոս­կէ ծի­րան» շար­ժան­կա­րի զար­գաց­ման հա­սա­րա­կա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը, Հա­յաս­տա­նի Մշա­կոյ­թի նա­խա­րա­րու­թեան եւ 2015-ի մի­ջո­ցա­ռում­նե­րը հա­մա­կար­գող պե­տա­կան յանձ­նա­ժո­ղո­վին հետ միա­սին զա­նա­զան եր­կիր­նե­րու մէջ թե­մա­թիք ժա­պա­ւէն­նե­րու ցու­ցադ­րու­թիւն­ներ կազ­մա­կեր­պած է՝ Ե­ղեռ­նի 100-րդ տա­րե­լի­ցին առ­թիւ։ «Այ­լեւս եր­բեք» խո­րագ­րեալ ծրա­գի­րը ընդգր­կած է հան­դի­պում­ներ, սե­մի­նար­ներ եւ ժա­պա­ւէ­նի ցու­ցադ­րու­թիւն­ներ։ Ընտ­րուած են զա­նա­զան ժա­մա­նա­կա­հա­տուած­նե­րու մէջ նկա­րա­հա­նուած, Ե­ղեռ­նի մա­սին պատ­մող վա­ւե­րագ­րա­կան եւ խա­ղար­կա­յին ժա­պա­ւէն­ներ։

Հարկ է նշել, որ ի­րեն յանձ­նուած մե­տայ­լը ստա­նա­լէ վերջ Օս­ման Քա­վա­լա հան­դէս ե­կած է շնոր­հա­կա­լու­թեան խօս­քով մը։

Երկուշաբթի, Յուլիս 27, 2015