ԵՐԿՐԻՆ ՆՄԱՆ ՄՈԼՈՐԱԿ ՄԸ
Kepler աստղադիտակի միջոցով ՆԱՍԱ-ի գիտնականները յայտնաբերած են Երկրին նման մոլորակ մը:
ՆԱՍԱ-ի պաշտօնական կայքէջը կը փոխանցմէ, որ մեր մոլորակէն 1.6 անգամ մեծ մոլորակը կը պտըտի Արեւու նման աստղի մը շուրջ՝ կեանքի զարգացման համար բարենպաստ հեռաւորութեան վրայ: Հետեւաբար գիտնականները կ՚ակնկալեն, որ նորայայտ մոլորակին վրայ պայմանները բարենպաստ պիտի ըլլան կեանքի համար:
Նորայայտ Kepler-452b մոլորակը աստղէն կը գտնը-ւի այնպիսի հեռաւորութեան վրայ, որ անոր վրայ ջուրը հնարաւորութիւն ունի գտնուելու հեղուկ վիճակի մէջ, ինչ որ պարտադիր պայման է կեանքի զարգացման համար: Մոլորակը իր աստղին շուրջ մէկ ամբոջական պտոյտը կը կատարէ 385 օրուան ընթացքին, որ ընդամէնը 50 առ հարիւրով կը գերազանցէ Երկիր մոլորակի ցուցանիշը:
«Նորայայտ Kepler-452b մոլորակը մենք կրնանք դիտել որպէս մեր Երկրի զարմիկը՝ մէկուկէս միլիառ աւելի տարիքոտ», նշած է ՆԱՍԱ-ի Kepler աստղադիտակի տուեալներու մշակման աշխատանքային խումբի ղեկավար Ճոն Ճենկինսը, որ յայտնած է, թէ մոլորակը 6 միլիառ տարեկան է՝ աւելի մեծ, քան Երկիրը:
Նախապէս ալ յայտնաբերուած են Երկիր մոլորակի պէս պինդ մակերեւոյթ ունեցող մոլորակներ, սակայն կա՛մ անոնց չափերը խսիտ տարբեր էին, կամ ալ՝ ուղեծիրը եւ աստղի ճառագայթումը:
Kepler-452b մոլորակի յայտնաբերման կարեւորութիւնը այն է, որ անիկա կը բարձրացնէ հաւանականութիւնը, որ այդ մոլորակի վրայ կրնայ կեանք ծագած ըլլալ: