ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՀԱՅՈՑ ՆՈՐ ՊԱՏՐԻԱՐՔԸ

Հայ Կա­թո­ղի­կէ ե­կե­ղեց­ւոյ կա­թո­ղի­կոս-պատ­րիարք ընտ­րուե­ցաւ Տ. Գրի­գոր Եպսկ. Կապ­րո­յեան՝ վե­րա­նուա­նուե­լով Տ. Գրի­գոր-Պետ­րոս Ի.։ Պէյ­րու­թի մէջ, Զմմա­ռի վան­քէն ներս շա­բա­թա­վեր­ջին Հայ Կա­թո­ղի­կէ ե­կե­ղեց­ւոյ սրբա­զան սի­նո­դին կող­մէ ընտ­րուե­ցաւ նո­րոգ հան­գու­ցեալ Ներ­սէս-Պետ­րոս ԺԹ. Կա­թո­ղի­կոս-պատ­րիար­քին յա­ջոր­դը։

Նո­րըն­տիր կա­թո­ղի­կոս-պատ­րիար­քը 1934 թուա­կա­նին ծնած է Հա­լէ­պի մէջ։ Ու­սա­նած է Զմմա­ռի կղե­րա­նո­ցին եւ Հռո­մի Լե­ւո­նեան վար­ժա­րա­նին մէջ։ Ի­մաս­տա­սի­րու­թեան եւ աս­տուա­ծա­բա­նու­թեան վրայ մաս­նա­գի­տա­ցած է Հռո­մի Գրի­գո­րեան Քա­հա­նա­յա­պե­տա­կան հա­մալ­սա­րա­նէն ներս։ 1959 թուա­կա­նին քա­հա­նայ ձեռ­նադ­րուած է Պէյ­րու­թի մէջ։ Ծա­ռա­յու­թեան սկսած է Զմմա­ռի կղե­րա­նո­ցէն։ Ե­ղած է Մես­րո­պեան վար­ժա­րա­նի տե­սուչ, նաեւ Զմմա­ռի դպրե­վան­քի գոր­ծա­դիր խոր­հուր­դի քար­տու­ղար։ Եր­կար տա­րի­ներ պաշ­տօ­նա­վա­րած է որ­պէս Ֆրան­սա­յի Հայ Կա­թո­ղի­կէ­նե­րու ա­ռաջ­նորդ։ 1977 թուա­կա­նին ձեռ­նադ­րուած է ե­պիս­կո­պոս։

Նո­րըն­տիր Գրի­գոր-Պետ­րոս Ի. Կա­թո­ղի­կոս-Պատ­րիար­քի քա­հա­կա­լու­թեան ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը նա­խա­տե­սուած է Օ­գոս­տո­սի 9-ին, նոյն­պէս Զմմա­ռի մէջ։

Մինչ այդ, Հռո­մէա­կան Կա­թո­լիկ Ե­կե­ղեց­ւոյ Քա­հա­նա­յա­պետ Ֆրան­սիս­քոս Ա. յա­տուկ պատ­գա­մով մը շնոր­հա­ւո­րած է նո­րըն­տիր կա­թո­ղի­կոս-պատ­րիար­քին ընտ­րու­թիւ­նը։

Երկուշաբթի, Յուլիս 27, 2015