Երկուշաբթի 2, Դեկտեմբեր 2024
ԽՈՐՀՐԴԱՒՈՐԻՆ ՊԱՐԶԱԾԸ…
Բոլորը կը ձգտին լայն ճանապարհներով ընթանալ, ունենալ հանգիստ ու ապահով անցք։ Տակաւին բոլորը կ՚ուզեն բացուիլ դէպի ընդարձակ հրապարակներ՝ շողշողուն, հրապուրիչ։ Առ երեւոյթ, ընդհանուր համոզումը այն է, թէ լայն ճանապարհները փշոտ չեն ըլլար։ Յամենայնդէպս, ամէն ինչ կաղապարներու մէջ չէ, անշուշտ։ Ոմանց համար լայն ճանապարհները կրնան ըլլալ փշոտ կամ կրնան վերածուիլ այդպիսիին։ Ոմանք ալ նեղ ճանապարհով կ՚ընթանան խաղաղ ու հանգիստ։
«Մարդ երբեմն պարզապէս յոգնած կ՚ըլլայ. ո՛չ դառնութիւն, ո՛չ առանձնութիւն, ոչ ալ սէր», կ՚ըսէ Ճեմալ Սիւրէյյա։
Չէ՞ որ, կեանքը յաճախ խորհրդաւոր պատկերներ կը պարզէ։
Հինգշաբթի, Յուլիս 27, 2023