ՏԵՂ ՊԻՏԻ ՀԱՍՆԻ՞
Պաշարեալ Արցախի մէջ մարդասիրական տագնապը հետզհետէ կը խորանայ։ Ամիսներէ ի վեր շրջափակումը կը տեւէ, իսկ յունիսի 15-էն իր վեր Ատրպէյճան ամբողջութեամբ փակած է Լաչինի միջանցքը՝ ներառեալ մարդասիրական տարանցումները։ Արդէն 40 օրէ ի վեր նոյնիսկ մէկ միլիկրամ սնունդ չէ մտած Արցախ։ Ստեղծուած իրավիճակին մէջ երէկ Հայաստանի կառավարութիւնը 360 թոն մարդասիրական օժանդակութիւն ուղարկեց Լեռնային Ղարաբաղ։ Երեւանի կեդրոնէն ճանապարհ դուրս եկան 19 բեռնատարներ, որոնք բռնեցին Արցախի ճանապարհը։ Սահմանի հայկական մաքսատունը անցնելէ վերջ անոնք արդէն անցան սպասումի, որպէսզի Ռուսաստանի խաղաղապահ զօրախումբէն ըլլայ միջամտութիւն մը եւ մարդասիրական օժանդակութիւն փոխադրող բեռնատարները կարողանան Լաչինի միջանցքէն մուտք գործել Լեռնային Ղարաբաղ եւ հասցնել առաջին անհրաժեշտութեան այդ նիւթերը։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, բեռնատարները կը փոխադրեն սննդամթերք, բժշկական կամ առողջապահական անհրաժեշտ նիւթեր եւ այլն։ Սննդամթերքի շարքին կան ալիւր, իւղ եւ մանաւանդ մանուկներու համար անհրաժեշտ սնունդ։
«Սնունդ կեանքի համար» կարգախօսով կազմակերպուած է այս նախաձեռնութիւնը, որպէսզի Արցախի առկայ մարդասիրական ճգնաժամը կառավարելի սահմաններու մէջ պահուի հնարաւորինս։ Անցեալ տարուան դեկտեմբերէն ի վեր Ատրպէյճան շրջափակած է Արցախը, իսկ վերջին 40 օրերուն ամբողջական պաշարում խնդրոյ առարկայ է, ինչ որ օրէ օր մտահոգութիւնները կը խորացնէ։ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն ալ կառավարութեան կողմէ ուղարկուած մարդասիրական օժանդակութեան կապակցութեամբ ամփոփ գրառումով մը հանդէս եկաւ ընկերային ցանցերու վրայ։ Վարչապետը մատնանշեց, որ Լեռնային Ղարաբաղ ուղարկուած 360 թոն կենսական նշանակութեամբ սննդամթերքը բացառապէս մարդասիրական նպատակներով է։ «Մենք չենք կրնար աչք փակել այն իրավիճակին վրայ, որուն կը բախին Լեռնային Ղարաբաղի հայերը», նշեց Փաշինեան գրառման մէջ։
Հայաստանի կառավարութեան կողմէ ուղարկուած այս օժանդակութեան զուգահեռ՝ երէկ, Երեւանի մէջ, Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւն հրաւիրուեցան օտարերկրեայ դիւանագէտներ։ Այսպէս, Հայաստանի արտաքին գործոց փոխ-նախարար Մնացական Սաֆարեան հանդիպում մը ունեցաւ Երեւանի մօտ հաւատարմագրուած դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու ղեկավարներուն եւ միջազգային կառոյցներու ներկայացուցիչներուն հետ։ Տեսակցութեան ընթացքին առանցքային եղաւ Լեռնային Ղարաբաղէ ներս ստեղծուած մարդասիրական իրավիճակը։ Իր կարգին, Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեանն ալ Երեւանի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ արտասահմանի մէջ պաշտօնավարող Հայաստանի ռազմական կցորդներուն հետ։ Երեւանէն հասած լուրերուն առընթեր, Պաքուէն ալ միշտ կը հնչեն պատգամներ, որոնք, բնականաբար, բոլորովին հակառակ ուղղութիւն ունին։ Ատրպէյճանի իշխանութիւնները կը պնդեն, որ հայկական կողմը համաձայն գտնուած է, որպէսզի Աղտամի ուղղութիւնը օգտագործելով մարդասիրական օժանդակութիւն հասնի Լեռնային Ղարաբաղ։ Իսկ հայկական կողմը ամենաբարձր մակարդակի վրայ կը հերքէ այս յայտարարութիւնները՝ պնդելով, որ երբեք բանակցութեան առարկայ չէ դարձած Աղտամի ուղղութիւնով դէպի Արցախ տարանցումներ կազմակերպելու խնդիրը։ Ստեղծուած բանավէճի մթնոլորտին մէջ, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի աշխատակազմի արտաքին յարաբերութիւններու բաժնի ղեկավար Հիքմէթ Հաճիեւ երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Պաքուի մօտ հաւատարմագրուած շարք մը դեսպաններու հետ։ Այսպէս, ան հրաւիրած էր Եւրոմիութեան անդամ երկիրներու, Թուրքիոյ, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Զուիցերիոյ դեսպանները, որոնց հետ զրուցելու ժամանակ Հաճիեւ անընդունելի որակեց «Հայաստանի կողմէ Լաչինի ճանապարհի հարցի քաղաքականացումը»։ Հաճիեւ հանդիպում մըն ալ ունեցաւ Պաքուի մօտ Հնդկաստանի դեսպան Շրիտարան Մատհուսուտհանանի հետ։ Զրոյցի ընթացքին ան կոչ ուղղեց, որպէսզի Հնդկաստան զերծ մնայ Հայաստանին զէնք ու զինամթերք մատակարարելէ։ Ծանօթ է, որ այս մասին վերջին շրջանին յաճախ հրապարակումներ կ՚ըլլան զանգուածային լրատուութեան միջոցներուն մէջ։ Պաքուի այս իրադարձութիւններու մթնոլորտին մէջ հաղորդուեցաւ նաեւ, որ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով յառաջիկայ շաբթուան սկիզբին պիտի այցելէ Թուրքիա՝ հանդիպելու համար արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանի հետ։
Մոսկուայէն ալ երէկ հերթական յայտարարութիւնները հնչեցին՝ մանաւանդ, որ նախօրէին Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով մէկտեղած էր Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանն ու Ճէյհուն Պայրամովը։ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա երէկ յայտարարեց, որ ՆԱԹՕ-ի հաւանական միջամտութիւնը երկար ժամանակով պիտի յետաձգէ Հարաւային Կովկասէ ներս իրադրութեան կարգաւորումը։ Ան անդրադարձաւ նաեւ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան եւ Փենթակոնի միջեւ վերջերս տեղի ունեցած ամենաբարձր մակարդակի շփումներուն։ «Մենք կը տեսնենք, որ ՆԱԹՕ-ի երկիրները՝ ներառեալ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներն ու Թուրքիան, մեծ հետաքրքրութիւն կը ցուցաբերեն Հարաւային Կովկասի նկատմամբ։ Մենք վստահ ենք, թէ դաշինքի ներգրաւուածութիւնը տարածաշրջանի գործերուն պատճառ պիտի դառնայ ապակայունացման եւ երկար ժամանակով պիտի յետաձգէ լիարժէք, ամբողջական ձեւաչափով, բովանդակալից խաղաղ կարգաւորման», յայտարարեց ռուս բանբերը եւ աւելցուց, որ Հայաստանէ ներս տեղակայուած Եւրոմիութեան դիտորդական առաքելութեան գործունէութիւնը պայմանաւորուած է Ռուսաստանի հետ աշխարհաքաղաքական առճակատմամբ եւ որեւէ ներդրում չէ ունեցած Երեւան-Պաքու յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին մէջ։ Ըստ իրեն, տարածաշրջանէն ներս լիցքաթափման համար գլխաւոր դրութիւններէն մէկը պէտք է դառնայ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանազատման հարցերով երկկողմանի յանձնաժողովին աշխատանքը։ Այդ յանձնաժողովին հերթական նիստը տեղի ունեցած էր յուլիսի 12-ին։ «Մենք կը վերահաստատենք մեր պատրաստակամութիւնը՝ խորհրդատուական աջակցութիւն ցուցաբերելու համար կողմերուն», յայտնեց երէկ Զախարովա։
Միւս կողմէ, Ստեփանակերտէն ալ դժգոհութիւններ կը բարձրաձայնուին եւ քննադատութիւններ կը հասցէագրուին Մոսկուային։ Արցախի պետական նախարար Գուրգէն Ներսիսեան երէկ ըսաւ. «Անտանելի կը դառնայ նաեւ Ռուսաստանի Դաշնակցութեան՝ անընդհատ պատճառաբանութիւններ բերելու եւ ստեղծուած աղէտալի իրավիճակին այդպէս ալ առարկայական լուծում մը չտալու մօտեցումը»։