ՀԱՄԱՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ԺԱՄԱԴՐԱՎԱՅՐ

Ֆրանսայի հիւրընկալմամբ երէկ սկսան ամառնային 33-րդ Ողիմպիականները։ Փարիզ փաստօրէն դարձած է համաշխարհային ժամադրավայր մը, ուր տեղի կ՚ունենան Ողիմպիականները։ Երէկ, նախ, ֆրանսական երկաթուղիի ցանցին դէմ կատարուած խափանարարութեան մասին լուրերը խոր մտահոգութիւն յառաջացուցին, սակայն, ապա այնպիսի պատկառազդու բացման արարողութիւն մը տեղի ունեցաւ, որ ամէն ինչ մոռացութեան մատնեց։ Այս արարողութիւնը մարդկութեան հաւաքական յիշողութեան մէջ անկիւնաքար մը կը բնորոշէ, առանց չափազանցութեան։

Ֆրանսայի մայրաքաղաքին կեդրոնը երէկ ամբողջապէս փակ էր զբօսաշրջիկներու համար։ Մուտքի հնարաւորութիւն ունեցան միայն անոնք, որոնք մասնաւոր հաւատարմագրութիւն ունէին, զանազան երկիրներու ազգային կոմիտէները կը ներկայացնէին կամ մարզական լրագրողներ էին։ Փարիզի ղեկավարութիւնը աշխարհի շուրջ 25 երկիրներէն ղեկավարներ ալ հիւրընկալեց այս առթիւ։ Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոն Էլիզէի պալատին մէջ ընդունեց պետութիւնները կամ կառավարութիւններու ղեկավարները։ Բացի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու առաջին տիկին Ժիլ Պայտընէն, այդ շարքին էին Արժանթինի նախագահ Խաւիէ Միլիէ, Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլց, Անգլիոյ վարչապետ Քիըր Սթարմըր եւ այլն։ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեանն ալ Փարիզի մէջ էր։

Չորս տարին անգամ մը կը կազմակերպուին Ողիմպիականները, որոնք մարզական աշխարհի հիմնական իրադարձութիւնը կը համարուին։ Փարիզի այս անգամուան Ողիմպիականները նաեւ պատմական նշանակութիւն ունին, որովհետեւ 1924 թուականին կազմակերպուած խաղերէն դար մը անց տեղի կ՚ունենան։ Մրցակցութիւնը, ըստ էութեան, հիւրընկալ Ֆրանսայի մայրաքաղաքին մէջ նախատեսուած է, սակայն, բացի Փարիզէն, այլ կարգ մը քաղաքներու մէջ ալ մրցաշարքեր ծրագրուած են. օրինակ՝ Վերսայ։ Ողիմպիականներուն կը մասնակցի շուրջ 10 հազար 500 մարզիկ։ 32 մարզաձեւերու մէջ կը մրցին 206 ազգութիւններու ներկայացուցիչներ։

Երեկոյեան ժամերուն տեղի ունեցաւ բացման պաշտօնական արարողութիւնը, որ նոյնպէս աննախընթաց էր։ Պատմութեան մէջ առաջին անգամ Ողիմպիականներու բացումը իրականացաւ հիմնական մարզադաշտէն դուրս։ Արդարեւ, բոլոր պատուիրակութիւնները տողանցեցին Սեն գետի երկայնքով։ Անոնք անցան Փարիզի կեդրոնի ափամերձ բոլոր ճարտարապետական կոթողներու ընդմէջէն։ Վերանորոգեալ Նոթրը Տամի տաճարը, Փարիզի քաղաքապետարանը, Ֆրանսայի ակադեմիան, Լուվրի պալատը, Ֆրանսայի ազգային ժողովի եւ արտաքին գործոց նախարարութեան շէնքերը, «Կրան փալէ»ն կարծես ուղղութիւն ցոյց կու տային մարզիկներուն, որոնք կ՚անցնէին նաեւ պատշաճ յարդարուած կամուրջներու տակէն։

Ազգային խումբերը նաւարկելով ողջունեցին մարզասէրները ու միաւորուեցան մէկ կէտի վրայ՝ Թրոքատերօ հրապարակին եւ Իէնայի կամուրջին մօտ։ Բոլորը Սեն գետի վրայ 6-7 քիլօմեթր նաւարկեցին՝ բազմատասնեակ մակոյկներով։ Գետին վրայ աննկարագրելի ու աներեւակայելի գեղեցկութեամբ լուսախաղեր եւ հրավառութիւններ տեղի ունեցան։ Այնպիսի բեմագրութիւն մը գործադրուեցաւ, որ միլիառաւոր հեռուստադիտողներու կը պատգամէր զանազան արժէքներ։ Սեն գետի ջուրերուն ընդմէջէն ֆրանսացի իգական սեռէ անուանի գործիչներու արձանները բարձրացուեցան՝ մինչ իւրաքանչիւրը կը մարմնաւորէր զգայնութիւն մը, որ մարդկութեան այժմ դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն տեսակէտէ ներշնչանքի աղբիւր էր։ Այդ կերպարներու շարքին էին Օլեմփ տը Կուժ, Սիմոն Վէյլ եւ այլք։

Երբ տողանցքը աւարտեցաւ, Իէնայի կամուրջին վրայ շարուեցան խաղերուն մասնակից բոլոր երկիրներու դրօշակները։ Մինչ այդ, առանձին մակոյկով մը Ողիմպիականներու կրակը Սեն գետի պատկան ափէն բարձրացուեցաւ Էյֆէլի աշտարակին մօտ։ Մինչ կրակը աշտարակի ափէն Իէնայի կամուրջը հատելով դէպի Թրոքատերօ կ՚առաջնորդուէր՝ բոլոր երկիրներու դրօշակներն ալ հետեւեցան անոր։ Այս խորհրդաւոր մթնոլորտին մէջ պարզուեցաւ Ողիմպիականներուն դրօշը եւ նուագուեցաւ խաղերուն հիմնը։ Այսպէսով, աւելի առաջ «Կրան փալէ»ի տանիքէն մեներգուած Ֆրանսայի «Մարսէյէզ»ը եւ Թրոքատերոյէն հնչած Ողիմպիականներուն հիմնը զիրար ամբողջացուցին։ Ողիմպիականներու միջազգային կոմիտէի նախագահը Թրոքատերոյի մօտ ունեցաւ ելոյթ մը, որու ընթացքին պատշաճ շնորհակալութիւններ թուարկեց։ Արարողակարգային այդ պատշաճութիւններէն դուրս, ան յատկապէս ընդգծեց, որ այս տարուան խաղերը տեղի կ՚ունենան Ողիմպիական միջազգային կոմիտէի հիմնադիր Փիէռ տը Քուպերթենի ծննդավայրին՝ Փարիզի մէջ։ Այս ելոյթներէն վերջ նախագահ Մաքրոն պաշտօնապէս բացուած յայտարարեց 33-րդ Ողիմպիականները։

Այդ փուլէն սկսեալ Էլֆէլի աշտարակի համայնապատկերին վրայ աննախընթաց լուսախաղեր տեղի ունեցան։ Մինչ այդ, զանազան ժամանակներ Ողիմպիականներու ախոյեան հանդիսացած ֆրանսացի մարզիկները խաղերուն կրակը ձեռքէ ձեռք փոխանցելով, Լուվրի պալատի մեծ բակէն անցընելով հասցուցին Թիւլըրիի պարտէզներուն կեդրոնը։ Վերջին փուլին ֆրանսացի կենդանի ամենատարեց ախոյեանը, որ անուասայլակի վրայ էր, ամենաերիտասարդ ախոյեաններուն յանձնեց կրակը։ Անոնք ալ այդ կրակով վառեցին 33-րդ Ողիմպիականներու մեծ ջահը։ Թէեւ այս ամբողջ բեմագրութիւնը մեծ տարածութեան մը վրայ, իրարմէ բաւական հեռու վայրերու մէջ կեանքի կոչուեցաւ, սակայն մեծադիր պաստառներու միջոցաւ բոլորը իւրաքանչիւր փուլին հետեւեցան անարգել։

Երբ 33-րդ խաղերուն մեծ ջահը վառեցաւ, երկվայրկեաններ անց ան սկսաւ երկինք բարձրանալ։ Լուսաշող երկրագունդի մը տեսքով ան յայտնուեցաւ ֆրանսական մայրաքաղաքի երկնակամարին վրայ։ Փարիզեան պատկառազդու գիշերին՝ լոյս քաղաքի երկնքին յաւելեալ փայլ մը նկատուեցաւ եւ բացման արարողութեան եզրափակիչ փուլին այս անգամ Էյֆէլի աշտարակի վրայէն մեներգով մը հանդէս եկաւ ֆրանսացի աշխարհահռչակ մեներգչուհի Սելին Տիոն, որ մեկնաբանեց անմոռանալի Էտիթ Փիաֆի գործերէն մին։ Երգն ալ ունէր իր իմաստը՝ քանի կը կոչուէր «Սիրոյ հիմն», իսկ Ողիմպիականներու ջահի օդապարիկը Փարիզի երկինքին վրայ կը մնայ խաղերու օրերուն։

Ողիմպիականները պիտի շարունակուին մինչեւ օգոստոսի 11-ը։ Քանի մրցակցութիւնը այսօր իսկ կը սկսի, կարգ մը մարզիկներ երէկուան տողանցքին մասնակցելէ զերծ մնացին՝ հնարաւորինս պատրաստ եւ մրցունակ ըլլալու համար։

Փարիզի Ողիմպիկաններուն խորհրդանշական կերպարը կը հանդիսանայ «Ֆրիկ»ը, որ կը նմանի ֆրանսական գլխարկներու եւ կարմիր է։ Այդ գլխարկը կը համարուի ֆրանսական յեղափոխութեան եւ ազատութեան խորհրդանշանը։

Փարիզ կը հանդիսանայ Լոնտոնէն յետոյ երկրորդ քաղաքը, որ երրորդ անգամ կը հիւրընկալէ Ողիմպիականները։ Արդարեւ, այժմու խաղերէն առաջ 1900 եւ 1924 թուականներուն ալ Ողիմպիականները տեղի ունեցած էին այնտեղ։

Շաբաթ, Յուլիս 27, 2024