ՖԻՏԱՆ-ԼԱՒՐՈՎ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ
Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Ռուսաստանի իր պաշտօնակցին՝ Սերկէյ Լաւրովի հետ։ Տեսակցութիւնը տեղի ունեցաւ Վիեթնամի մէջ, ուր երկու նախարարները կը մասնակցին Հարաւային Ասիոյ պետութիւններու ընկերակցութեան գագաթաժողովի շրջանակներէն ներս կազմակերպուած՝ անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու հաւաքին։
Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Հաքան Ֆիտան եւ Սերկէյ Լաւրով քննարկեցին Անգարա-Մոսկուա յարաբերութիւններու ընթացքն ու մանաւանդ՝ տնտեսութեան եւ ուժանիւթի ոլորտներէն ներս համագործակցութեան վերաբերեալ խնդիրներ։ Անոնք անդրադարձան նաեւ Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմին, Կազզէի արիւնալի իրադարձութիւններուն, Սուրիոյ իրավիճակին եւ տարածաշրջանային բնոյթով այլ խնդիրներու։
Հարկ է նշել, որ այս շրջանին Թուրքիա-Սուրիա բնականոնացման շուրջ հրապարակումները հետզհետէ կը խտանան եւ այս ամբողջին մէջ առանձնապէս կ՚ընդգծուի Ռուսաստանի դերակատարութիւնը։ Հորիզոնին վրայ ուրուագծուած է Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի եւ Սուրիոյ նախագահ Պեշար Էսատի միջեւ տեսակցութեան մը հեռանկարը։ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին վերջին օրերուն Մոսկուայի մէջ հիւրընկալած էր Պեշար Էսատը։
Միւս կողմէ, Սերկէյ Լաւրով սոյն գագաթաժողովի շրջանակներէն ներս տեսակցեցաւ նաեւ Չինաստանի արտաքին գործոց նախարար Վան Ինի հետ։ Չինացի նախարարը Լաւրովէն առաջ մէկտեղուած էր նաեւ Ուքրայնայի արտաքին գործոց նախարար Տիմիթրի Քուլեպայի հետ։