ՀԱՄԱՐԿՄԱՆ ՃԱՆԱՊԱՐՀ
ՆԱԹՕ-ի ընդհանուր քարտուղար Եէնս Սթոլթենպերկ Թիֆլիզի մէջ ունեցաւ երկօրեայ շփումներ։ Ան Վրաստանի ղեկավարութեան կողմէ հիւրընկալուեցաւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ՝ ընդունուելով Նախագահ Կէորկի Մարկվելաշվիլիի, Վարչապետ Իրակլի Մենաղարիշվիլիի եւ պետական աւագանիէն այլ յառաջատար դէմքերու կողմէ։ Բանակցութիւններու ընթացքին օրակարգի վրայ եկան Վրաստանի ՆԱԹՕ-ի համարկման վերաբերեալ հարցեր։ Սթոլթենպերկ Վրաստանի ղեկավարութեան հետ շօշափեց այս ուղղութեամբ ծրագրուած քայլերը, ինչպէս նաեւ Վարշաւիոյ մէջ նախատեսուած դաշինքի գագաթաժողովին նախապատրաստութիւնները։
Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Մարկվելաշվիլի եւ Սթոլթենպերկ անդրադարձան նաեւ տարածքաշրջանային անվտանգութեան եւ Աֆղանիստանի մէջ ՆԱԹՕ-ի առաքելութեան Վրաստանի զինուորներու մասնակցութեան հարցերուն։
Սթոլթենպերկի մասնակցութեամբ Վրաստանի մէջ կը բացուի նաեւ ՆԱԹՕ-ի համատեղ ուսումնական կեդրոնը, ինչ որ կը բնորոշէ այս ուղեւորութեան ծրագրի կարեւորագոյն հանգրուաններէն մին։ Հարաւային Կովկասի եւ Կեդրոնական Ասիոյ երկիրներուն մօտ Սթոլթենպերկի յատուկ ներկայացուցիչ Ճէյմս Ափաթուրայ վերջերս նշած էր, թէ այս կեդ-րոնին բացումը մեծ նշանակութիւն ունի Վրաստանին համար։ Կեդրոնը հաստատուած է Թիֆլիզի մերձակայ արուարձաններէն Կրծանիսիի մէջ։
Ըստ ՆԱԹՕ-ի աղբիւրներուն, Սթոլթենպերկ Թիֆլիզի ղեկավարութեան յորդորեց շարունակել Ռուսաստանի հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման ուղղեալ բարդ գործընթացը։ ՆԱԹՕ կը պաշտպանէ Վրաստանի եւ Ռուսաստանի երկխօսութիւնը։ Դաշինքին մօտեցումը այն է, որ այդ երկու երկիրներուն միջեւ երկխօսութիւնը այլընտրանք չունի՝ որպէսզի կանխուին նոր բարդութիւնները։