ՍԱՀՄԱՆԱԴՐԱԿԱՆ ԲԱՐԵՓՈԽՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ՇՈՒՐՋ ՄԻՋԿՈՒՍԱԿՑԱԿԱՆ ԽՈՐՀՐԴԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐ՝ ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆԻ ՄՕՏ

Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան այս օ­րե­րուն երկ­րի քա­ղա­քա­կան ու­ժե­րուն հետ խորհր­դակ­ցու­թիւն­ներ կ՚ի­րա­կա­նաց­նէ՝ սահ­մա­նադ­րու­թեան փո­փո­խու­թիւն­նե­րու հար­ցին շուրջ։ Հարկ է նշել, որ սահ­մա­նադ­րու­թեան բա­րե­փո­խում­նե­րու նա­խա­գի­ծը Սերժ Սարգ­սեա­նին կող­մէ ար­դէն ու­ղար­կուած է Ազ­գա­յին ժո­ղով։

Նա­խա­գահ Սարգ­սեան ե­րէկ տե­սակ­ցե­ցաւ Հայ յե­ղա­փո­խա­կան դաշ­նակ­ցու­թեան, «Բար­գա­ւաճ Հա­յաս­տան» եւ «Օ­րի­նաց եր­կիր» կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն հետ։ Պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, այ­սօր եւս ան կը շա­րու­նա­կէ քա­ղա­քա­կան ու­ժե­րու հետ խորհր­դակցու­թիւն­նե­րը։ «Ա­զա­տու­թիւն» ռա­տիօ­կա­յա­նի հա­ղոր­դում­նե­րով, ընդ­դի­մա­դիր Հայ ազ­գային գոնկ­րէս կու­սակ­ցու­թիւ­նը մեր­ժած է նման հան­դիպում մը ու­նե­նա­լը։ Հա­ւա­նա­կան է, որ Սերժ Սարգ­սեան սահ­մա­նադ­րու­թեան փո­փոխու­թիւն­նե­րու նիւ­թին շուրջ շօ­շա­փէ նաեւ երկ­րի նախ­կին նա­խա­գա­հին՝ Ռոպէրթ Քո­չա­րեա­նի կար­ծի­քը։

Նա­խա­գա­հա­կան ա­պա­րանքէն ներս նա­խա­տե­սուած  այս հան­դի­պում­նե­րէն վերջ քննար­կում­նե­րը պի­տի տե­ղափո­խուին խորհր­դա­րան։ Այն­տեղ ներ­կա­յա­ցուած կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րու խմբակ­ցու­թիւն­նե­րուն հետ պիտի տե­սակ­ցի Սահ­մա­նադ­րա­կան բա­րե­փո­խում­նե­րու մաս­նա­գի­տա­կան յանձ­նա­ժո­ղո­վի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Վար­դան Պօ­ղո­սեան։

Հինգշաբթի, Օգոստոս 27, 2015