ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՀԱՅՈՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՀԱՅ ՀԱՄԱՅՆՔԻՆ ՀԱՆՐԱՅԻՆ ԵՒ ՕՐԻՆԱԿԱՆ ՊԱՅՔԱՐԸ «ԿՈՎԵՐՈՒ ՊԱՐՏԷԶ»ԻՆ ՀԱՄԱՐ
Իսրայէլի «The Jerusalem Post» հեղինակաւոր օրաթերթին մէջ այսօր լոյս տեսած է ուշագրաւ յօդուած մը՝ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան դիմագրաւած առկայ հարցերուն շուրջ։ Նատաւ Թամիրի ստորագրութեամբ հրապարակուած է յօդուածը, որուն մէջ հրատապ կոչ կ՚ուղղուի Հին Քաղաքի Հայկական թաղամասի պաշտպանութեան համար։
Հեղինակը յօդուածի մուտքին յիշեցուցած է, որ Երուսաղէմը համաշխարհային բնոյթով մշակոյթի կեդրոն մըն է եւ անոր առանձնայատկութիւնն է՝ միաստուածեան երեք կրօններու օրրանը ըլլալը։ Երուսաղէմի ուժին ու աննմանութեան, նաեւ ներուժին յարատեւութիւնը կախում ունի՝ անոր միջկրօնական ու մշակութային ինքնութեան տեւականացումէն։ Յօդուածագիրը մատուցած է նաեւ պատմական համայնապատկեր մը, որուն վրայ մատնանշուած է, որ հայոց ներկայութիւնը Երուսաղէմի մէջ կը հասնի մինչեւ 4-րդ դար, իսկ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութիւնը կը գործէ 7-րդ դարէն ի վեր։ Յօդուածագիրը շեշտած է նաեւ, որ այս փառաշուք պատմութիւնը չի նպաստեր, որպէսզի փոքրաթիւ հայ համայնքը կարենայ յաղթահարել՝ ծայրայեղ աջակողմեաններու Հայկական թաղամասը ձեռք անցընելու յաւակնութիւնը։ Նոյն ամբողջին մէջ շեշտուած է նաեւ, որ սաղիմահայութիւնը քաղաքի ամենափոքրաթիւ եւ ամենաանպաշտպան հաւաքականութիւններէն մին կը հանդիսանայ։ Հազիւ 2 հազար հոգի կը հաշուէ այս հաւաքականութիւնը, իսկ անոր կալուածներու պարագային բարձր պահանջը պատճառ կը դառնայ դժուարութիւններու եւ սադրանքներու։ Բացատրուած է, որ Եաֆայի դուռէն դէպի Հրէական թաղամաս ուղղութեան վրայ՝ Հայկական թաղամասը ունի բաւական նախանձելի դիրք մը։ Սա անոր իրականութիւնն է։
Յօդուածին հեղինակը աւելի վերջ նկարագրած է Երուսաղէմի «Կովերու պարտէզ» ազգապատկան կալուածի հիմնախնդրին, որ կը տագնապեցնէ փոքրաթիւ սաղիմահայութիւնը։ Հրապարակման մէջ շեշտուած է նաեւ, որ տարածքը վարձել փորձած ընկերութիւնն ու անոր սեփականատէրը կապ ունեցած են ծայրայեղ աջակողմեան շրջանակներու եւ անոնց հասարակական կազմակերպութիւններուն հետ։ Անոնք հանդիպումներ ունեցած են «Աթերէթ Քոհանին»ի նախագահ Մաթի Տանի հետ, որ Երուսաղէմի արեւելքի թաղամասերու սրտին վրայ բնակչութեան կազմակերպման ջանքերու ախոյեան մըն է։
Յօդուածագիրը բացատրած է, որ «Կովերու պարտէզ»ը Երուսաղէմի Հին Քաղաքի վերջին ազատ տարածքը կը հանդիսանայ։ Ան շատ լաւ ամփոփած է «Կովերու պարտէզ»ի տագնապի բոլոր փուլերը, նշած է, որ վարձակալութեան գործարքին բոլոր նախապատրաստութիւնները առաջնորդուած են Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան կողմէ։ Մինչ այդ, տարածքը կ՚օգտագործուէր՝ որպէս ինքնաշարժներու կանգառ։ Տարածքը վարձելու ձգտած ընկերութիւնը յաջողած էր մինչեւ յաջորդ դար՝ 2 միլիոն տոլարի ծիծաղելի փոխարժէքով մը Հայոց Պատրիարքարանէն վարձել «Կովերու պարտէզ»ը։ Յամենայնդէպս, այս համաձայնութեան վերաբերեալ ծագած անհանգստութիւնները պատճառ դարձան, որ հեռանայ Հայոց Պատրիարքութեան կալուածոց տեսուչը, որ համաձայնութեան պատրաստութիւնները գլխաւորած էր։ Հայոց թաղի բնակիչները այդ վարձակալութեան նախաձեռնութիւնը կասեցնելու համար հանրային եւ օրինական պայքարի մը ձեռնարկած են։
Հարկ է նշել, որ Իսրայէլի այս ազդեցիկ թերթին մէջ լոյս տեսած յօդուածը սաղիմահայութեան այժմու պայքարին տեսակէտէ անանտեսելի է։ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութիւնը եւ ամբողջ սաղիմահայութիւնը ներկայիս մեծ աշխատանք կը տանին՝ տուեալ ընկերութեան հետ լեզու գտնելու եւ վարձակալութեան պայմանագիրը ջնջելու համար։ Այդ պայքարը իսկապէս շատ բարդ է եւ հանրային կարծիքի համապատասխան ձեւով առարկայականօրէն լուսաբանուիլը մեծ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ։ Նատաւ Թամիրի յօդուածն ալ այս առումով կը ներկայացնէ լուրջ արժէք։