ՏԱՐԵԿԱՆ ԱՇԽԱՏԱԺՈՂՈՎ
Դիլիջանի մէջ արդէն ընթացքի մէջ է՝ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան կեդրոնի վարչամեքենայի եւ արտասահմանի դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու ղեկավարներու հաւաքը։ Տարեկան աշխատաժողովը, որու ծրագիրը քանի մը օրերու վրայ տարածուած է, երէկ սկսաւ բարձր մակարդակով կազմակերպուած լիգումար նիստով։ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեան եւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւս ներկայ էին բացման նիստին, կարգ մը փոխ-վարչապետներու ալ ներկայութեամբ։ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան ողջունեց բոլորը։
Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, հաւաքոյթի ընթացքին Նիկոլ Փաշինեան ունեցաւ ելոյթ մը՝ կարեւորելով դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու առանցքային դերն ու նշանակութիւնը։ Վարչապետը անդրադարձաւ Երեւանի արտաքին քաղաքականութեան առաջնահերթութիւններուն եւ դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն։ Փաշինեանի ելոյթին յաջորդեցին արտաքին քաղաքականութեան օրակարգային հարցերուն շուրջ քննարկումներ։ Կարծիքի փոխանակումներ տեղի ունեցան առկայ հիմնախնդիրներուն եւ անոնց լուծման հնարաւորութիւններուն շուրջ։
Տարեկան աշխատաժողովի շրջանակներէն ներս մշակուած օրակարգը կը գործադրուի զանազան ձեւաչափերու մէջ։
Հարկ է նշել, որ այս հաւաքին կը մասնակցի նաեւ Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ Նաիրի Պետրոսեան։