ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ՄԷՋ ՀԱՆՐԱՔՈՒԷ
Ատրպէյճանի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ հանրաքուէ մը։ 69.7 մասնակցութեան համեմատութեամբ այս հանրաքուէին հիման վրայ կը նախատեսուի վեց նոր յօդուած աւելցնել երկրի սահմանադրութեան։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, մասնակիցներու 86.8 տոկոսը հաւանութիւն տուաւ սահմանադրութեան փոփոխութեան։
Սահմանադրութեան փոփոխութիւնները կ՚ենթադրեն Ատրպէյճանի Նախագահ Իլհամ Ալիեւի լիազօրութեան բարձրացումը։ Նախագահի պաշտօնավարութեան ժամկէտը հինգ տարիէն կը բարձրացուի եօթ տարիի։ Նախագահ ընտրուելու նուզագոյն տարիքի սահմանափակումը կը ջնջուի։ Փոփոխութիւններուն հիման վրայ Ատրպէյճանի մէջ նախագահը պիտի ունենայ տեղակալներ։
Նախագահ ընտրուելու համար նուազագոյն տարիքի մը նախապայմանին ջնջուիլը այնպէս կը մեկնաբանուի, թէ Իլհամ Ալիեւ կրնայ պաշտօնը ժառանգել իր որդւոյն։ Հարկ է նշել, որ Իլհամ Ալիեւ 2003 թուականէն ի վեր իշխանութեան գլուխ կը գտնուի Ատրպէյճանի մէջ։