ԵՐԵՒԱՆ ԵՒ ՊԱՔՈՒ ՊԱՏՐԱՍՏԱԿԱՄ ԵՆ ՅԱՒԵԼԵԱԼ ՋԱՆՔԵՐ ԳՈՐԾԱԴՐԵԼՈՒ

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան երէկ Նիւ Եորքի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընի միջնորդութեամբ։ Եռակողմանի տեսակցութիւնը կազմակերպուեցաւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովի նոր նստաշրջանի բացման փուլի աշխատանքներու շրջանակներէն ներս։ Հանդիպումը տեւեց շուրջ մէկուկէս ժամ, որու աւարտին պաշտօնական հրապարակում մը կատարուեցաւ շատ սահմանափակ բովանդակութեամբ։ Այսպէս, կողմերը համաձայնեցան յաւելեալ ջանքեր գործադրել՝ խաղաղութեան եւ միջպետական յարաբերութիւններու հաստատման մասին ենթադրեալ համաձայնագրի՝ ամենասեղմ ժամանակահատուածի մէջ ստորագրման ուղղութեամբ։ Երեւան եւ Պաքու շնորհակալութիւն յայտնեցին Ուաշինկթընին՝ այս հանդիպման կազմակերպման համար։

Տեսակցութենէն վերջ, ԱՄՆ-ի պետական քարտուղարութեան բանբեր Մեթիու Միլըր յայտնեց, որ Էնթընի Պլինքըն բարձր կը գնահատէ այն յառաջընթացը, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ ձեռք բերուած է երկարատեւ եւ արժանապատիւ խաղաղութեան ուղղութեամբ։ Պլինքըն կողմերը կը քաջալերէ շարունակել ջանքերը՝ հնարաւորինս շուտ ենթադրեալ հաշտութեան համաձայնագիրը վերջացնելու նպատակով։ Բաց աստի, Պլինքըն ընդգծած է, որ խաղաղութեան համաձայնագիրը կը նպաստէ տարածաշրջանի կայունութեան եւ բարեկամութեան աճին։

Բացի այս եռակողմանի հանդիպումէն, Արարատ Միրզոյեան երէկ Նիւ Եորքի մէջ մասնակցեցաւ նաեւ Մեծն քսանեակի (G20) նախարարներու երկրորդ հանդիպման, որու ընթացքին ունեցաւ ելոյթ մը։ Ան այս փուլին շեշտեց, որ հարեւաններու հետ յարաբերութիւններու կարգաւորումը Երեւանի գլխաւոր առաջնահերթութիւններէն մին է։ Միրզոյեան համոզուած է, թէ համաշխարհային անվտանգութեան, մարդասիրական, տնտեսական եւ բնապահպանական փխրուն իրավիճակի պայմաններուն ներքեւ միջազգային հանրութիւնը պէտք է առանձնայատուկ ուշադրութիւն ցուցաբերէ յատուկ իրավիճակներու մէջ յայտնուած ու միջին եկամուտով երկիրներու կառուցուածքային խոցելիութեան՝ անոնց համար դիւրացնելով՝ արտօնեալ ելմտական հասանելիութիւնը եւ աջակցելով համաշխարհային գործընթացներուն անոնց հաւասար հիմունքներով համարկման։ Նախարարը յիշեցուց, որ ինք կը ներկայացնէր Հայաստանը, որ դէպի ծով ելք չունի, միջին եկամուտով երկիր մըն է, որ վերջին տարիներուն հարկադրաբար դիմակայած է համաշխարհային եւ տարածաշրջանային տագնապներու հետեւանքներու։

Միւս կողմէ, Արարատ Միրզոյեան երէկ Նիւ Եորքի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան-Նոէլ Պարոյի հետ։ Զրոյցի ընթացքին ընդգծուեցաւ, որ Հայաստանի եւ Ֆրանսայի միջեւ յարաբերութիւնները կը զարգանան նոր բովանդակութեամբ։ «Մենք կ՚ընթանանք ռազմավարական բնոյթով յարաբերութիւններու կառուցման ուղղութեամբ», ըսաւ Միրզոյեան։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 27, 2024