ՖԻՏԱՆ-ՊԼԻՆՔԸՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ
Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան, որ Հանրապետութեան նախագահ Էրտողանի պատուիրակութեան մաս կազմելով Նիւ Եորք մեկնած է՝ ՄԱԿ-ի նոր նստաշրջանի բացման փուլի աշխատանքներուն մասնակցելու համար, շարք մը կարեւոր երկկողմանի հանդիպումներ ունեցաւ՝ զանազան երկիրներէ իր պաշտօնակիցներուն հետ։ Այս ամբողջին մէջ առանձնացան Հաքան Ֆիտանի տեսակցութիւնները՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընի եւ Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Անալենա Պերպոքի հետ։
Ֆիտան-Պլինքըն զրոյցի բովանդակութեան շուրջ պաշտօնական աղբիւրները առայժմ որեւէ մանրամասնութիւն չեն հրապարակած։ Յամենայդէպս, ուշագրաւ է, որ Պլինքըն Հաքան Ֆիտանին հետ մէկտեղուած է ճիշդ այն օրը, երբ իր նախաձեռնութեամբ Նիւ Եորքի մէջ տեսակցեցան նաեւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով։