ՈՉ ԵՒՍ Է ԽՄԲԱՎԱՐ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԹՈՓԻԿԵԱՆ

Հայկական երաժշտական աշխարհը երէկ ունեցաւ ցաւալի կորուստ մը։ Այսպէս, 69 տարեկան հասակին կեանքէն հեռացաւ յայտնի երաժիշտ Յարութիւն Թոփիկեան, որ զոհ գնաց քորոնաժահրի համաճարակին։ Ան Երեւանի Պետական սենեկային երգչախումբի հիմնադիրն էր, գեղարուեստական ղեկավարն ու խմբավարը։ Արժանացած էր Հայաստանի Արուեստի վաստակաւոր գործիչի կոչման։

Յարութիւն Թոփիկեան 1951 թուականին ծնած էր Երեւանի մէջ։ Մաէսթրոն խմբավարական գործունէութեան սկսած էր 1976 թուականին՝ Հայաստանի հեռուստատեսութեան եւ ձայնասփիւռի սենեկային երգչախումբը ղեկավարելով։ 1996 թուականին իր կողմէ հիմնադրուած Երեւանի Սենեկային երգչախումբը կարճ ժամանակի մէջ նուաճած էր իր ուրոյն տեղը հայկական երաժշտական աշխարհէն ներս։ 2009 թուականին այդ խումբը արդէն պետական կարգավիճակ ստացած էր։ Յարութիւն Թոփիկեան նուաճած էր բազում պարգեւներ եւ մրցանակներ՝ արուեստի մէջ ունեցած նշանակալի ներդրման համար։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 27, 2020