ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ, ՎՐԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ՎԱՐՉԱՊԵՏՆԵՐԸ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՄԸ ՈՒՆԵՑԱՆ ԹԻՖԼԻԶԻ ՄԷՋ

Թիֆլիզի մէջ, Վրաստանի կառավարութեան կողմէ կազմակերպուած «Մետաքսի ճանապարհ» միջազգային ֆորումը առիթ հանդիսացաւ Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ նոր շփումի մը։ Վրաստանի վարչապետ Իրակլի Ղարիպաշվիլիի միջնորդութեամբ մէկտեղուեցան Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ Ատրպէյճանի վարչապետ Ալի Ասատով, որոնք մասնակցեցան վերոյիշեալ ֆորումին եւ հանդէս եկան յայտարարութիւններով։ Վրացական աղբիւրները տեղեկացուցին, որ երեք վարչապետներու հանդիպումը տեղի ունեցած է մայրաքաղաքի մերձակայ Մուխրանիի մէջ ու տեւած է ժամ մը։ Պաշտօնական աղբիւրները մանրամասնութիւններ չեն հաղորդած բանակցութիւններու բովանդակութեան մասին։ Յամենայնդէպս, այս հանդիպումը կը բիւրեղանայ այն մթնոլորտին մէջ, ուր վերջին շրջանին իրերայաջորդ ձեւով կը յետաձգուին Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճեանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի՝ նախապէս ծրագրուած հանդիպումները թէ՛ Արեւմուտքի եւ թէ Ռուսաստանի միջնորդութեամբ։ Թիֆլիզ երկար ժամանակէ ի վեր պատրաստակամութիւն կը յայտնէր Երեւան-Պաքու բանակցութիւններուն հարթակ տրամադրելու համար։

Բացի եռակողմանի հանդիպումէն, Փաշինեան առանձնազրոյց մըն ալ ունեցաւ Ղարիպաշվիլիի հետ։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 27, 2023