ՊԻՇՔԵՔԻ ՄԷՋ ԺՈՂՈՎՆԵՐ

Հայաստանի փոխ-վարչապետ Մհեր Գրիգորեան երէկ Պիշքեքի մէջ մասնակցեցաւ ԱՊՀ-ի եւ Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան (ԵԱՏՄ) անդամ երկիրներու միջկառավարական խորհուրդներու ժողովներուն։ Կը հաղորդուի, որ ԱՊՀ-ի ժողովի ընթացքին ստորագրուեցաւ աւելի քան քսան նոր փաստաթուղթ։

Պիշքեքի մէջ Մհեր Գրիգորեան յայտնեց, որ ԱՊՀ-ի երկիրներու հետ Հայաստանի ապրանքաշրջանառութիւնը աճած է 55 տոկոսով։ Իսկ ԵԱՏՄ-ի պարագային ան նշեց, որ անդամ երկիրներու միջեւ գոյացած բոլոր համաձայնութիւնները չեն կատարուիր։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 27, 2023