ԲԱՑԱՌԻԿ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ

Երեւանի Մատենադարանի թանգարանի բաժնէն ներս շաբաթավերջին բացուեցաւ բացառիկ ցուցահանդէս մը։ «Մատենադարան. լուսանկարչական գանձարանի յայտնութիւնը» խորագրեալ այս ձեռնարկի բացման պաշտօնական արարողութեան ներկայ գտնուեցան պետական գործիչներ եւ բազմաթիւ մասնագէտներ։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, լուսանկարները Մատենադարանի զանազան հաւաքածոներէն յայտնաբերուած այնպիսի նմոյշներ են, որոնք պատմական, աղբիւրագիտական, արուեստաբանական եւ ազգագրական տեսանկիւնէ առանձնայատուկ կարեւորութիւն կը ներկայացնեն։

Մատենադարանի տնօրէն Արա Խզմալեան այս առթիւ ըսաւ. «Առաջին անգամ մեր լուսանկարչական հաւաքածոները արժանացած են նման գիտական մօտեցմամբ մէկտեղման։ Ուրախ եմ, որ առիթ ունինք Մատենադարանի բովանդակութիւնը յագեցնելու նաեւ այսպիսի ցուցադրութեամբ»։

Արդի թեքնոլոժիներու շնորհիւ Մատենադարանի երդիքին տակ ներկայացուած լուսանկարները նոր շունչ ու կենդանութիւն ստացած են։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 27, 2023