ԵՒ ԵԿԱՒ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԸ

Անուշ Թրուանց կը տեղեկացնէ Երեւանէն.-

Երէկ, Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ «Եւ եկաւ Յովհաննէսը» վաւերագրական ժապաւէնի առաջին ցուցադրութիւնը, որ տեղի ունեցաւ Շարժանկարի տան մեծ դահլիճի երդիքին տակ։ Այս ժապաւէնի արտադրումն ու նախագիծի հեղինակն է Լիլիթ Մովսիսեան, իսկ բեմադրիչը՝ Հրաչ Սիմոնեան։ Գործը ձօնուած է մաէսթրօ Յովհաննէս Չեքիճեանի կեանքին ու գործունէութեան։ Ան նախկին պոլսահայ մըն է, որ Սովետական շրջանին Հայաստան հաստատուելով արձանագրած է մեծ վերելք։ Յովհաննէս Չեքիճեանի այդ քայլը նոր հորիզոններ ուրուագծած է իր երաժշտական հանճարին առջեւ՝ այն աստիճան, որ ան ներկայիս հայկական երաժշտութեան կենդանի առասպելներու շարքին է եւ արժանացած է Հայաստանի Հանրապետութեան ազգային հերոսի կոչման։ Ուստի, իր մասին պատրաստուած այս ժապաւէնին առաջին ցուցադրութիւնը յատկանշական իրադարձութիւն մը կը համարուի նաեւ պոլսահայութեան տեսակէտէ։

Մաէսթրօ Յովհաննէս Չեքիճեան, որ տասնամեակներէ ի վեր Հայաստանի Պետական ակադեմական երգչախումբի ղեկին կանգնած է, ունեցած է կեանքի շատ յատկանշական ոդիսական մը։ «Եւ եկաւ Յովհաննէսը» ժապաւէնին մէջ դիպուկ ձեւով ներկայացուած են Պոլսոյ իր ուսումնառութեան տարիները, Երեւան հաստատուելէ վերջ ունեցած թռիչքը՝ ներառեալ Փարիզի գործունէութիւնը։ Երէկուան ձեռնարկին ընթացքին Հայաստանի Պետական ակադեմական երգչախումբի անդամներն ու հոծ թիւով երաժշտասէրներ ջերմօրէն շրջապատեցին Յովհաննէս Չեքիճեանը։ Մաէսթրոն ալ խորապէս տպաւորուած էր։ Ան ներկայիս 95 տարեկան է եւ շատ դժուար կը տեղաշարժուի։ Այս պատճառով Յովհաննէս Չեքիճեան երէկուան ձեռնարկի ընթացքին բեմ չբարձրացաւ։ Յամենայնդէպս, բեմը այնտեղ էր, ուր ինք կը գտնուէր։ Թէեւ ան վաղուց սովոր է ծափահարութիւններու տարափի մէջ գտնուելու, սակայն երէկուան մթնոլորտը առանձնապէս յուզիչ էր եւ եզակի։

Լիլիթ Մովսիսեան համոզուած է, թէ մաէսթրօ Յովհաննէս Չեքիճեան հայ իրականութեան վառ երեւոյթներէն մին է։ «Քիչ են այն կենդանի առասպելները, որոնք կ՚ապրին մեր կողքին։ Կը կարծեմ՝ երախտագիտութեամբ անոնց չանդրադառնալն ու անոնց հետ չշփուիլը, անոնցմէ չսորվիլը մեծ թերութիւն է», ըսաւ ան։ Անդրադառնալով շուրջ մէկ տարի տեւած նկարահանման աշխատանքներուն՝ Լիլիթ Մովսիսեան աւելցուց. «Ամէն ինչ կը սկսի այն պահուն, երբ կը սկսին վստահիլ քեզի»։

(Ժապաւէնի առաջին ցուցադրութեան մանրամասնութիւններուն պիտի անդրադառնանք վաղուան թիւով։)

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 27, 2023