ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ՕՐԱԿԱՐԳ
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի դէպի Սեն Փեթերսպուրկ երկօրեայ աշխատանքային այցելութիւնը ներկայ տարեվերջի դրութեամբ առիթ հանդիսացաւ կարեւոր շփումներու։ Ան նախ մասնակցեցաւ Եւրոասիրոյ տնտեսական միութեան (ԵԱՏՄ) գագաթաժողովին, որուն յաջորդեց երէկուան ԱՊՀ-ի անպաշտօն գագաթաժողովը։ Առաջին հերթին, Երեւան-Մոսկուա առանցքին վրայ կուտակուած խնդիրներու պայմաններով, Նիկոլ Փաշինեան Սեն Փեթերսպուրկի մէջ զրուցեց Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ, որ իրերայաջորդ երկու գագաթաժողովներու տանտէրն էր։ Պաշտօնական աղբիւրները մասնաւորապէս ուշադրութիւն կը հրաւիրեն Փաշինեանի եւ Փութինի «Փաւլովսք» թանգարանի շրջայցի ընթացքին ունեցած զրոյցին վրայ։ Հրապարակուած տեսանիւթերուն մէջ կ՚երեւի, թէ անոնք միւս ղեկավարներէն աւելի հեռու կանգնած կը զրուցեն աշխուժօրէն։ Յամենայնդէպս, այդ զրոյցի բովանդակութեան շուրջ մանրամասնութիւններ չեն հաղորդուած։
Սեն Փեթերսպուրկի մէջ անպաշտօն ձեւաչափով հանդիպում մըն ալ տեղի ունեցաւ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի միջեւ։ Անցեալ սեպտեմբերի Արցախի վերջնական հայաթափումէն վերջ անոնք ձեռնուեցան առաջին անգամ։ Գագաթաժողովի կազմակերպուած «Ցարսքոյէ Սելօ» արգելոց-թանգարանի երդիքին տակ կատարուած նկարահանումները կը ցոլացնեն Փաշինեան-Ալիեւ ձեռնուիլը։ Հայաստանի կառավարութեան աղբիւրները տեղեկացուցին, որ Փաշինեան եւ Ալիեւ անպաշտօն շփումներու ընթացքին քննարկած են խաղաղութեան օրակարգին վերաբերեալ հարցեր։ Այդ շփումները տեղի ունեցած են երկկողմանի ձեւաչափով։
Սեն Փեթերսպուրկի շփումներու մթնոլորտին մէջ Քրեմլինի բանբեր Տիմիթրի Փեսքովն ալ հանդէս եկաւ ուշագրաւ յայտարարութիւններով։ Ան նշեց, որ Երեւան եւ Պաքու պատրաստակամութիւն կը յայտնեն միասնական փաստաթուղթի մը հասնելու, աւարտին հասցնելու խաղաղութեան բանակցութիւնները եւ խաղաղութեան պայմանագիրը։ Փեսքով աւելցուց, որ Ռուսաստանի տեսակէտէ շատ կարեւոր է՝ Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան պայմանագրի հնարաւորինս արագ կնքուիլը։ Արդարեւ, սա կանխատեսելիութեան մթնոլորտ կ՚ապահովէ Կովկասին։
Միւս կողմէ, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան այսօր Երեւանի մէջ կը հիւրընկալէ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ամիր Ապտուլլահիանը։ Այս վերջինը Երեւան մեկնելէ առաջ, երէկ, հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ։ Ծանօթ է, որ Լաւրովն ալ քանի մը օր առաջ հեռախօսազրոյցներ ունեցած էր թէ՛ Ապտուլլահիանի, թէ՛ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի եւ թէ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանի հետ։ Երեւանի շփումներուն ընդառաջ Ապտուլլահիան Լաւրովի նկատառման յանձնեց, որ Իրան կ՚ողջունէ Հայաստան-Ատրպէյճան կայուն խաղաղութեան համաձայնագրի ձեռքբերման ուղղեալ բանակցութիւններու ընթացքը։ Հեռախօսազրոյցի ընթացքին Լաւրով եւ Ապտուլլահիան առանձին ուշադրութեան առարկայ դարձուցած են Հարաւային Կովկասի առկայ իրադարձութիւնները։ Ապտուլլահիան նշած է, որ Թեհրան կ՚աջակցի տարածաշրջանէ ներս խաղաղութեան ու կայունութեան հաստատման գործընթացին։