ՇՈՒԷՏԻ ՀԱՄԱՐ ԴՐԱԿԱՆ ՔԱՅԼ

Ազգային մեծ ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովը երէկ հաւանութիւն տուաւ Շուէտի ՆԱԹՕ-ի անդամակցութեան։ Ֆուատ Օքթայի կողմէ գլխաւորուած յանձնաժողովը արժեւորեց համապատասխան արձանագրութիւնը եւ անոր դրական եզրակացութեան հիման վրայ՝ խնդիրը յառաջիկայ շրջանին խորհրդարանի ընդհանուր ժողովի օրակարգին վրայ պիտի գայ։ Յանձնաժողովին մէջ ԱՔ կուսակցութեան, ՄՀՓ-ի եւ ՃՀՓ-ի անդամները կողմ քուէարկեցին՝ Շուէտի դաշինքին անդամ դառնալուն։

ՆԱԹՕ-ի ընդհանուր քարտուղար Եէնս Սթոլթենպերկ ողջունեց այս իրադարձութիւնը ու կոչ ուղղեց, որպէսզի գործընթացը ամենակարճ ժամանակի ընթացքին իր աւարտին հասնի։ Ուաշինկթընի ղեկավարութիւնն ալ դրականօրէն արձագանգեց այս որոշման։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարութիւնը տեղեկացուց, որ Թուրքիոյ կողմէ Շուէտի ՆԱԹՕ-ի անդամակցութեան վերաբերեալ առնուած վերջին քայլը մեծ գոհունակութեամբ ընկալուած է։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 27, 2023