ՍԹՐԱԶՊՈՒՐԿԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ
Հայաստանի Արդարադատութեան նախարար Արփինէ Յովհաննիսեան վերջին օրերուն շփումներ ունեցաւ Սթրազպուրկի մէջ, Եւրոխորհուրդի շրջանակներէն ներս։ Այս շրջագծով ան տեսակցեցաւ Եւրոխորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Թորպիոն Եակլանտի հետ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, քննարկուեցան կողմերու համագործակցութեան ընթացքին շուրջ հարցեր։ Մասնաւորապէս օրակարգի վրայ եկան Հայաստանի մէջ ընդունուած նոր սահմանադրութեան հիման վրայ նախատեսուած օրէնսդրական փոփոխութիւնները, կաշառակերութեան դէմ պայքարի ուղղեալ միջոցառումները, Եւրոխուրհուրդի հետ նոր գործողութիւններու ծրագիրը, ինչպէս նաեւ Եւրոպայի Մարդու իրաւանց ատեանի կատարման գործընթացը։