ԱՄԵՆ. ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՊԱՊԱԿԱՆ ՆՈՒԻՐԱԿԸ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ յետմիջօրէին Գումգաբուի մէջ ընդունեց Անգարայի մօտ պապական նուիրակ Մոնս. Մարեք Սոլեզինսքին, որուն կ՚ընկերանար քաղաքիս լատին կաթոլիկ համայնքի վիճակաւոր ու պապական փոխանորդ Մոնս. Մասսիմիլիանօ Փալինուրօ։ Հանդիպման ներկայ էր նաեւ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան։

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը կաթողիկէ հոգեւորականներուն հետ զրուցեց աւելի քան ժամ մը։ Միջեկեղեցական օրակարգի նիւթերու շուրջ տեղի ունեցան կարծիքի փոխանակումներ։ Մինչ այդ, կաթողիկէ հոգեւորականները կրկնեցին Նորին Ամենապատուութեան ուղղեալ՝ նախապէս գրաւոր ալ ուղարկուած հրաւէրը։ Արդարեւ, այսօր Հռոմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Քահանայապետ Ֆրանսիսքոս Ա. Սրբազան Պապի ընտրութեան տարեդարձն է։ Սրբազան Պապի գահակալութեան տարեդարձին առթիւ Հարպիյէի Սեն թ՚Էսփրի լատին կաթոլիկ եկեղեցւոյ մէջ նախատեսուած է արարողութիւն մը։ Գոհաբանական այս աղօթքին հրաւիրուած է նաեւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը, որ պիտի մասնակցի նաեւ յաջորդելիք պաշտօնական ընդունելութեան։

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց գրաւոր հրաւէրի վերահաստատման համար ու շեշտեց, որ իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ արարողութեան եւ ընդունելութեան։

Զրոյցի աւարտին Նորին Ամենապատուութիւնը կաթողիկէ հոգեւորականներուն նուիրեց եկեղեցական գոյքերու վերաբերեալ գիրքերէ օրինակներ։ Գումգաբուէն հրաժեշտ առնելէ առաջ հիւրերը շնորհակալութիւն յայտնեցին ընծայուած ընդունելութեան համար, նաեւ Պատրիարքական փոխանորդին առաջնորդութեամբ այցելեցին Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցին, ուր կատարեցին իրենց ուխտի աղօթքը։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 28, 2024