ԸՍՏ ՊԱՅՏԸՆԻ, ՅԱՌԱՋԻԿԱՅ ՌԱՄԱԶԱՆԻՆ ՀՐԱԴԱԴԱՐ ԿԸ ՀԱՍՏԱՏՈՒԻ ԿԱԶԶԷԻ ՄԷՋ
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն յայտարարեց, որ Իսրայէլ մօտալուտ Ռամազանի ընթացքին պիտի դադրեցնէ իր ռազմական գործողութիւնները Կազզէի մէջ եւ յառաջիկայ շաբաթ հրադադարի վերաբերեալ համաձայնութիւն մը պիտի գոյանայ։ Այս յայտարարութիւնը լայն արձագանգ ստեղծած է միջազգային բեմահարթակին վրայ։
Նիւ Եորքի մէջ Պայտընի կողմէ կատարուած այս յայտարարութիւնները հնչեցին՝ Փարիզի մէջ վերջին օրերուն թափ ստացած բանակցութիւններու համայնապատկերին վրայ։ Արդարեւ, Իսրայէլ-Պաղեստին խնդրին լուծման որոնումը միջազգային օրակարգին վրայ հրատապ հարց է։ Ֆրանսա վերջին օրերուն կը հիւրընկալէ Իսրայէլի եւ «Համաս»ի ներկայացուցիչները, որոնք բանակցութիւններ կը վարեն հրադադար մը հաստատելու եւ գերիներն ու պատանդները փոխանակելու օրակարգով։ Այս մթնոլորտին մէջ Պայտընի կողմէ կատարուած յայտարարութիւնները եկան մատնանշել մարտի 10-ը, երբ պիտի սկսի մահմետական աշխարհի Ռամազանի ամիսը։
Այժմու բանակցութիւններուն մէջ գլխաւոր դերը կը խաղայ Քաթար, որու արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ եւս երէկ կատարուեցան հրապարակումներ։ Այսպէս, նախարարութիւնը տեղեկացուց, որ այժմու բանակցութիւններուն մեծ յառաջընթաց մը չէ արձանագրուած։ Քաթարի ղեկավարութեան կողմէ հնչած այս բացատրութիւններուն հիման վրայ միջազգային մեկնաբանները կու գան հարց տալ, թէ արդեօք նախագահ Ճօ Պայտընի խօսքերը չափազա՞նց լաւատես են։ Պայտընի չափազանց լաւատեսութեան վարկածը վերահաստատուեցաւ նաեւ ամերիկեան CNN-ի հաղորդումներուն հիման վրայ։ Արդարեւ, Իսրայէլէն իրաւասուներ այս կարեւոր հեռուստակայանին յայտնեցին, որ բանակցութիւններուն ընթացքին որոշ յառաջընթաց մը արձանագրուած է։ Յամենայնդէպս, Իսրայէլի պաշտօնատարներուն այդ յայտարարութիւններն ալ դէտերուն մօտ՝ Պայտընի յայտարարութիւններուն համահաւասար լաւատեսութեան մը տպաւորութիւնը ստեղծելէ հեռու կը մնան։