ՎԱՐՉԱՊԵՏՆԵՐԷՆ ՊԱՏԳԱՄՆԵՐ
Երեւան-Աթէնք առանցքին վրայ նոր խթան պիտի ստանան՝ տնտեսութեան, մշակոյթի, կրթութեան եւ անվտանգութեան ոլորտէ ներս երկկողմանի յարաբերութիւնները։
Երէկ, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հիւրընկալուեցաւ Յունաստանի ղեկավարութեան կողմէ։ Դէպի Աթէնք աշխատանքային այցելութեան շրջանակներէն ներս Նիկոլ Փաշինեան երկկողմանի յարաբերութիւններուն շուրջ կարեւոր պատգամներ տուաւ Յունաստանի վարչապետ Քիրիաքոս Միցոթաքիսի հետ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, երկու վարչապետները քննարկեցին համագործակցութեան հետեւողական զարգացման հեռանկարները, նաեւ կանգ առին տարածաշրջանային գործընթացներուն վերաբերեալ հարցերու վրայ։
Համատեղ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին Միցոթաքիս ըսաւ. «Արձանագրեցինք, որ ընդհանուր են մեր մօտեցումները տարածաշրջանի պարագային։ Երկու երկիրները յստակ դէմ են ուժի սպառնալիքի կամ ուժի կիրառման։ Մենք միշտ միջազգային իրաւունքի կողքին ենք, մենք նուիրուած ենք իւրաքանչիւր երկրի տարածքային ամբողջականութեան եւ ինքնիշխանութեան նկատմամբ յարգանքի սկզբունքներուն։ Մենք կը համարենք, որ տարաձայնութիւնը պէտք է կարգաւորուի միայն խաղաղ ճանապարհով, իսկ Հայաստանը բոլորէն շատ աւելի լաւ կը հասկնայ եւ կը գիտակցի խաղաղութեան գինը»։
Աթէնքի մէջ եւս Նիկոլ Փաշինեան օրակարգի վրայ բերաւ՝ Հայաստանի կառավարութեան կողմէ մշակուած «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագիծը։ Բանակցութիւններու ընթացքին կարծիքներ փոխանակուեցան նաեւ Հայաստան-Եւրոմիութիւն համագործակցութեան շուրջ։